YouVersion Logo
Search Icon

ԵՍԹԵՐ 6

6
ԹԱԳԱՒՈՐԸ ՄՈՒՐԹՔԷՆ ԿԸ ՊԱՏՈՒԷ
1Այն գիշերը թագաւորին քունը փախաւ ու հրամայեց, որ դիպուածները պատմող յիշատակներու գիրքը բերեն ու թագաւորին առջեւ կարդան։ 2Ու հոն գրուած գտնուեցաւ թէ Մուրթքէ՝ դրանը պահպանութիւն ընող՝ թագաւորին երկու ներքինիներուն, Բիգթանին ու Թարէսին, համար իմացուցեր էր, թէ անոնք Ասուերոս թագաւորին վրայ ձեռք երկնցնել ուզեր էին։ 3Թագաւորը ըսաւ. «Ասոր փոխարէն ի՞նչ պատիւ կամ մեծութիւն տրուեցաւ Մուրթքէին»։ Ու թագաւորին ծառայութիւն ընող պատանիները ըսին. «Անոր բան մը չեղաւ»։ 4Թագաւորը ըսաւ. «Գաւիթը ո՞վ կայ» (ու Համան թագաւորին պալատին դուրսի գաւիթը եկեր էր թագաւորին խօսելու, որ Մուրթքէն կախէ այն փայտին վրայ, որ ինք անոր համար պատրաստեր էր)։ 5Թագաւորին պատանիները անոր ըսին. «Ահա Համան գաւիթը կը սպասէ»։ Թագաւորը ըսաւ. «Թող ներս գայ»։
6Երբ Համան ներս մտաւ, թագաւորը անոր ըսաւ. «Ի՞նչ ընել պէտք է այն մարդուն, որուն թագաւորը պատիւ ընել կ’ուզէ»։ Համան իր սրտին մէջ ըսաւ. «Թագաւորը ինծմէ զատ ուրիշ որո՞ւ պատիւ ընել պիտի ուզէ»։ 7Համան ըսաւ թագաւորին. «Այն մարդուն համար, որուն թագաւորը պատիւ ընել կ’ուզէ, 8Թագաւորին հագած թագաւորական զգեստն ու թագաւորին հեծած ձին ու անոր գլուխը դրուած թագաւորական թագը թող բերեն. 9Զգեստն ու ձին թագաւորին խիստ պատուաւոր իշխաններէն մէկուն ձեռքը թող տրուի ու հագցնեն այն մարդուն՝ որուն թագաւորը պատիւ ընել կ’ուզէ ու ձիուն վրայ հեծցնեն եւ քաղաքին փողոցին մէջէն անցնեն ու առջեւէն կանչեն ու ըսեն՝ ‘Այսպէս պիտի ըլլայ այն մարդուն, որուն թագաւորը պատիւ տալ կ’ուզէ’»։ 10Այն ատեն թագաւորը Համանին ըսաւ. «Շուտով ըսածիդ պէս զգեստն ու ձին առ ու թագաւորին դուռը նստող Հրեայ Մուրթքէին ըսածիդ պէս ըրէ. քու ըսածէդ բնաւ բան մը պակաս չըլլայ»։
11Համան զգեստն ու ձին առաւ ու զգեստը Մուրթքէին հագցնելով՝ զանիկա ձիուն վրայ հեծցուց եւ քաղաքին փողոցէն անցուց ու առջեւէն #6:11 Կամ, մէկը կը կանչէրկը կանչէր՝ «Այսպէս պիտի ըլլայ այն մարդուն, որուն թագաւորը պատիւ տալ կ’ուզէ»։ 12Եւ Մուրթքէ թագաւորին դուռը դարձաւ. բայց Համան տրտում ու գլուխը ծածկած՝ շուտով իր տունը քաշուեցաւ։ 13Համան իր կնոջ Զերէսին ու բոլոր բարեկամներուն պատմեց ամէն ինչ որ իր գլխուն եկած էր։ Անոր իմաստուններն ու անոր կինը Զերէս անոր ըսին. «Եթէ Մուրթքէ (որուն առջեւ դուն իյնալու սկսար) Հրեաներու ազգէն է, դուն անոր պիտի չյաղթես, հապա անոր առջեւ անշուշտ պիտի իյնաս»։ 14Երբ անոնք տակաւին անոր հետ կը խօսէին, թագաւորին ներքինիները հասան, որպէս զի Համանը շուտով Եսթերին պատրաստած կոչունքին տանին։

Currently Selected:

ԵՍԹԵՐ 6: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in