ԵՍԹԵՐ 5
5
ԵՍԹԵՐ՝ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԵՒ ՀԱՄԱՆԸ ԿՈՉՈՒՆՔԻ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ
1Երրորդ օրը Եսթեր իր թագաւորական զգեստները հագաւ ու թագաւորին տանը ներքին գաւիթին մէջ՝ թագաւորին տանը առջեւ կեցաւ։ Թագաւորը թագաւորական պալատին մէջ՝ պալատին դրանը առջեւ իր թագաւորական աթոռին վրայ նստեր էր։ 2Երբ թագաւորը Եսթեր թագուհին տեսաւ, որ գաւիթին մէջ կը կենար, Եսթեր շնորհք գտաւ անոր առջեւ եւ թագաւորը իր ձեռքը եղած ոսկի գաւազանը Եսթերին երկնցուց։ Եսթեր մօտեցաւ ու գաւազանին ծայրին դպաւ։ 3Թագաւորը անոր ըսաւ. «Ո՛վ Եսթեր թագուհի, քեզի ի՞նչ եղաւ ու ուզածդ ի՞նչ է, մինչեւ թագաւորութեանս կէսը քեզի պիտի տրուի»։ 4Եսթեր ըսաւ. «Եթէ թագաւորը հաճի, այսօր թագաւորը Համանին հետ իրեն ըրած կոչունքիս թող գայ»։ 5Թագաւորը ըսաւ. «Շուտով Համանը կանչեցէք, որպէս զի Եսթերին ըսածը կատարէ»։ Թագաւորը Համանին հետ Եսթերին ըրած կոչունքին գնաց։
6Երբ գինի կը խմէին, թագաւորը Եսթերին ըսաւ. «Ի՞նչ է քու խնդիրքդ. ըսէ՛ ու քեզի պիտի շնորհուի, ի՞նչ է քու աղաչանքդ. մինչեւ թագաւորութեանս կէսը պիտի տրուի»։ 7Եսթեր պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Իմ աղաչանքս ու խնդիրքս այս է։ 8Եթէ թագաւորին առջեւ շնորհք գտայ ու եթէ թագաւորը կը հաճի իմ խնդիրքս շնորհել ու իմ աղաչանքս կատարել, թող թագաւորն ու Համան նորէն իրենց համար ընելու կոչունքիս գան ու վաղը թագաւորին խօսքին պէս ընեմ»։
ՀԱՄԱՆ ՄՈՒՐԹՔԷՆ ՄԵՌՑՆԵԼ ԿԸ ԾՐԱԳՐԷ
9Համան այն օրը զուարթ եւ ուրախ սրտով դուրս ելաւ. բայց երբ Համան թագաւորին դրանը մէջ Մուրթքէն տեսաւ, որ ոտքի չէր ելլեր ու իր տեղէն չէր շարժեր, Համանին սիրտը շատ նեղացաւ Մուրթքէին համար, 10Բայց Համան ինքզինք զսպելով իր տունը գնաց ու մարդ ղրկեց իր բարեկամներն ու կինը՝ Զերէսը՝ կանչել տուաւ։ 11Համան պատմեց անոնց իր հարստութեանը փառքը ու իր որդիներուն շատութիւնը եւ այն ամէն բաները, որոնցմով թագաւորը զինք մեծցուցեր էր եւ թէ ի՛նչպէս իշխաններէն ու թագաւորին ծառաներէն աւելի բարձրացուցեր էր։ 12Համան ըսաւ. «Նաեւ Եսթեր թագուհին թագաւորին հետ ինծմէ զատ մէ՛կը #5:12 Եբր., չմտցուցչհրաւիրեց իր պատրաստած կոչունքին ու վաղուան համար ալ զիս թագաւորին հետ հրաւիրեց։ 13Բայց այս ամենէն բնաւ գոհ չեմ, քանի որ Հրեայ Մուրթքէն թագաւորին դուռը նստած կը տեսնեմ»։ 14Անոր կինը Զերէս ու անոր բոլոր բարեկամները անոր ըսին. «Յիսուն կանգուն բարձրութեամբ փայտ մը թող շինուի ու վաղը առտու թագաւորին ըսէ, որ Մուրթքէն անոր վրայ կախուի եւ դուն թագաւորին հետ ուրախ սրտով կոչունքին գնա»։ Այս խօսքը Համանին հաճոյ երեւցաւ ու փայտը պատրաստեց։
Currently Selected:
ԵՍԹԵՐ 5: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

: