ԵՍԹԵՐ 7
7
ՀԱՄԱՆ ՄԱՀՈՒԱՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻ
1Թագաւորը Համանին հետ Եսթեր թագուհիին քով #7:1 Եբր., խմելուկոչունքի գնաց։ 2Թագաւորը երկրորդ օրն ալ գինի խմելու ատեն Եսթերին ըսաւ. «Ո՛վ Եսթեր թագուհի, ի՞նչ է քու խնդիրքդ. ըսէ՛ ու քեզի պիտի շնորհուի եւ ի՞նչ է քու աղաչանքդ. մինչեւ թագաւորութեանս կէսը պիտի տրուի»։
3Եսթեր թագուհին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, ո՛վ թագաւոր ու եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ, խնդիրքովս իմ հոգիս ու աղաչանքովս իմ ազգս ինծի տրուի. 4Վասն զի թէ՛ ես եւ թէ՛ իմ ազգս կոտորուելու, մեռնելու ու բնաջինջ ըլլալու ծախուեցանք ու եթէ ծառայ ու աղախին ըլլալու ծախուէինք, բան մը չէի խօսեր. թէպէտեւ թշնամին թագաւորին քաշած վնասը չէր կրնար հատուցանել»։
5Ասուերոս թագաւորը խօսեցաւ ու Եսթեր թագուհիին ըսաւ. «Ո՞վ է անիկա եւ ո՞ւր է անիկա, որ այս բանը ընելու համարձակեցաւ»։ 6Եսթեր ըսաւ. «Հակառակորդն ու թշնամին այս չար Համանն է»։ Ու Համան թագաւորին ու թագուհիին երեսէն խիստ վախցաւ։
7Թագաւորը գինի խմելէն բարկութեամբ ելաւ, պալատին պարտէզը գնաց. բայց Համան հոն մնաց, որպէս զի իր անձին համար Եսթեր թագուհիին աղաչէ. վասն զի տեսաւ, որ իր վրայ չարիքը հասած է թագաւորէն։
8Թագաւորը երբ պալատին պարտէզէն կոչունքին սենեակը դարձաւ, Համան Եսթերին եղած բազմոցին վրայ ինկած էր ու թագաւորը ըսաւ. «Միթէ իմ տանս մէջ իմ քովս թագուհի՞ն ալ պիտի բռնաբարէ»։ Այս խօսքը թագաւորին բերնէն ելածին պէս Համանին երեսը ծածկեցին։ 9Այն ատեն Արբոնա, ներքինիներէն մէկը, թագաւորին առջեւ ըսաւ. «Ահա այն յիսուն կանգուն բարձր փայտը, որ Համան թագաւորին բարերարութիւն #7:9 Եբր., խօսողընող Մուրթքէին համար պատրաստեց, Համանի տանը մէջ կը կենայ»։ Ու թագաւորը ըսաւ. «Զանիկա անոր վրայ կախեցէ՛ք»։ 10Եւ Համանը Մուրթքէին համար պատրաստած փայտին վրայ կախեցին։ Այն ատեն թագաւորին բարկութիւնը իջաւ։
Currently Selected:
ԵՍԹԵՐ 7: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

: