ԵՍԹԵՐ 4
4
ՄՈՒՐԹՔԷ ԵՍԹԵՐԷՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԽՆԴՐԷ
1Երբ Մուրթքէ բոլոր եղածները իմացաւ, իր հանդերձները պատռեց, քուրձ հագաւ ու վրան մոխիր ցանեց ու քաղաքին հրապարակը ելլելով՝ մեծ ու #4:1 Եբր., դառնողբալի ձայնով աղաղակեց 2Ու թագաւորին դրանը առջեւ եկաւ կայնեցաւ. վասն զի քուրձ հագած մարդ մը չէր կրնար թագաւորին դռնէն ներս մտնել։ 3Բոլոր գաւառներուն մէջ, ուր որ թագաւորին հրամանն ու հրովարտակը կը հասնէր, Հրեաները մեծ սուգ կ’ընէին, ծոմ կը պահէին, կու լային ու կ’ողբային եւ շատերը քուրձի ու մոխիրի վրայ կը պառկէին։
4Եսթերին աղախիններն ու ներքինիները եկան անոր պատմեցին։ Թագուհին մեծապէս խռովեցաւ ու հանդերձներ ղրկեց, որ Մուրթքէին հագցնեն ու անոր վրայէն քուրձը հանեն. բայց անիկա չընդունեց։ 5Եսթեր Հաթաքը կանչեց, որ թագաւորին ներքինիներէն մէկն էր (զոր թագաւորը անոր սպասաւոր տուեր էր) ու անոր հրամայեց, որ Մուրթքէէն հասկնայ թէ այս ի՛նչ պիտի ըլլայ ու ինչո՛ւ համար է։ 6Հաթաք Մուրթքէին գնաց, որ թագաւորին դրանը առջեւի հրապարակին մէջ էր։ 7Մուրթքէ բոլոր իրեն պատահած բաները անոր յայտնեց, նաեւ Համանին սակարկութիւնը՝ որով թագաւորին գանձէն արծաթ տալ խոստացեր էր Հրեաներուն համար, որպէս զի զանոնք կորսնցնէ։ 8Զանոնք կորսնցնելու համար Շուշանի մէջ հրատարակուած հրովարտակէն օրինակ մը անոր տուաւ, որպէս զի Եսթերին ցուցնէ ու հասկցնէ եւ անոր պատուիրէ որ թագաւորին քով երթայ եւ անոր աղաչէ ու անոր առջեւ իր ազգին համար ազատում խնդրէ։ 9Հաթաք գնաց ու Մուրթքէին խօսքերը Եսթերին պատմեց։
10Եսթեր Հաթաքին հետ խօսեցաւ ու հրամայեց, որ Մուրթքէին այսպէս պատասխան տանի. 11«Թագաւորին բոլոր ծառաները ու թագաւորին գաւառներուն ժողովուրդները աղէկ գիտեն, որ այր կամ կին մարդ մը եթէ չկանչուած՝ թագաւորին ներքին գաւիթը մտնէ, զանիկա մեռցնելու համար օրէնք մը կայ։ Անիկա միայն կ’ապրի, որուն որ թագաւորը իր ոսկի գաւազանը երկնցնէ։ Հիմա երեսուն օր է, որ ես թագաւորին քով մտնելու կանչուած չեմ»։ 12Եսթերին խօսքերը Մուրթքէին յայտնեցին։ 13Մուրթքէ ըսաւ, որ Եսթերին այսպէս պատասխան տանին. «Դուն մի՛ կարծեր թէ թագաւորին տունը ըլլալովդ՝ բոլոր Հրեաներէն միայն դուն պիտի ազատիս։ 14Վասն զի այս ժամանակին մէջ եթէ դուն լռես, Հրեաներուն ուրիշ տեղէ մը օգնութիւն ու ազատում պիտի գայ, բայց դուն ու քու հօրդ տունը պիտի կորսուիք եւ ո՞վ գիտէ, թերեւս դուն այսպիսի ատենուան մը համար թագուհի եղար»։
15Ու Եսթեր ըսաւ, որ Մուրթքէին այսպէս պատասխան տանին. 16«Գնա՛, Շուշանին մէջ եղող բոլոր Հրեաները հաւաքէ՛ ու ինծի համար ծոմ պահեցէք, գիշեր ցորեկ երեք օր մի՛ ուտէք ու մի՛ խմէք. նոյնպէս ալ ես իմ աղախիններովս ծոմ կը պահեմ ու այնպէս թագաւորին առջեւ կ’ելլեմ, թէպէտեւ օրէնքի դէմ է ու եթէ մեռնիմ՝ թող մեռնիմ»։ 17Այն ատեն Մուրթքէ գնաց ու ըրաւ այն ամէնը, որ Եսթեր իրեն պատուիրեր էր։
Currently Selected:
ԵՍԹԵՐ 4: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

: