YouVersion Logo
Search Icon

ԺՈՂՈՎՈՂԻ 12

12
1Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեան օրերուն մէջ յիշէ,
Դեռ թշուառութեան օրերը չեկած
Ու այն տարիները չհասած,
Որոնց մէջ պիտի ըսես՝ «Անոնց չեմ հաւնիր»,
2Արեւը, լոյսը, լուսինն ու աստղերը չխաւարած
Ու անձրեւին ետեւէն ամպերը չդարձած։
3Այն օրը որ տանը պահապանները պիտի դողան
Ու զօրաւոր մարդիկը պիտի ծռին
Եւ աղացողները քիչ մնալնուն համար պիտի դադարին
Ու պատուհաններէն նայողները պիտի մթննան
4Ու երբ աղօրիքին ձայնը տկարանայ,
Փողոցներուն մէջ դռները պիտի գոցուին,
Եւ թռչունի ձայնով պիտի արթննան
Ու բոլոր երգող աղջիկները նկուն պիտի ըլլան։
5Բարձրէն պիտի վախնան,
Ճամբուն մէջ վախկոտ պիտի ըլլան։
Եւ նշենին պիտի ծաղկի
Ու մարախը ծանրութիւն պիտի սեպուի
Եւ #12:5 Կամ, կապպարը (փշոտ գետնատարած բոյս)ախորժակը պիտի դադարի.
Վասն զի մարդ իր յաւիտենական տունը կ’երթայ
Ու լացողները փողոցներուն մէջ պիտի շրջին։
6Դեռ արծաթէ թելը չփրթած,
Ոսկիէ բաժակը չկոտրած,
Սափորը աղբիւրին քով չփշրուած
Ու ջրհորին վրայի անիւը չկոտրուած։
7Այն ատեն հողը երկիր պիտի դառնայ՝ առաջուան եղածին պէս
Ու հոգին Աստուծոյ պիտի դառնայ, որ զանիկա տուաւ։
8Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ըսաւ Ժողովողը,
Ամէն բան ունայնութիւն է։
ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
9Որչափ որ Ժողովողը իմաստուն էր,
Այնչափ ալ ժողովուրդին գիտութիւն սորվեցուց։
# 12:9 Կամ, կշռելով Խորհելով ու քննելով
Շատ առակներ շարադրեց։
10Ժողովողը փնտռեց, որ ախորժելի խօսքեր գտնէ։
Գրուածը ուղիղ եւ ճշմարիտ խօսքեր են։
11Իմաստուններուն խօսքերը խթաններու պէս են
Ու ժողովներու տէրերէն գամուած բեւեռներու պէս՝ մէկ հովիւէ տրուած։
12Վերջապէս, որդեա՛կ իմ, անոնցմէ խրատ ա՛ռ։
Շատ գիրք շինելը ծայր չունի
Ու շատ կարդալը մարմինը կը յոգնեցնէ։
13Այս բոլոր խօսքին վախճանը լսենք։
Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛,
Վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է։
14Քանզի Աստուած ամէն գործ,
Ամէն ծածուկ բաներու հետ,
Թէ՛ բարին եւ թէ՛ չարը դատաստանի պիտի բերէ։

Currently Selected:

ԺՈՂՈՎՈՂԻ 12: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in