ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ 1
1
ԱՌԱՋԻՆ ԵՐԳ
1Երգ երգոց Սողոմոնի։
ԿԻՆԸ
2Քու բերանիդ համբոյրներովը համբուրէ զիս,
Վասն զի քու սէրդ գինիէն աղէկ է։
3Քու իւղերուդ հոտը ախորժելի է,
Քու անունդ թափուած իւղի պէս է,
Անոր համար օրիորդները քեզ կը սիրեն։
4Զիս քաշէ ու քու ետեւէդ պիտի վազեմ։
Թագաւորը իր ներքին սենեակները տարաւ զիս։
Քեզի հետ ցնծանք եւ ուրախանանք,
Քու սէրդ գինիէն աւելի գովենք։
Քեզ #1:4 Կամ, ուղիղներըուղղութեամբ կը սիրեն։
5Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ,
Ես սեւ եմ, բայց գեղեցիկ,
Կեդարի վրաններու պէս,
Սողոմոնին վարագոյրներուն պէս։
6Իմ սեւցած ըլլալուս մի՛ նայիք,
Վասն զի արեւը զիս տեսաւ։
Իմ մօրս որդիները ինծի սրդողեցան,
Զիս այգիներու պահապան ըրին,
Բայց իմ այգիիս պահպանութիւն չըրի։
7Պատմէ՛ ինծի, ո՛վ հոգիիս սիրածը,
Քու հօտդ ո՞ւր կ’արածես։
Կէսօրին ո՞ւր կը պառկեցնես։
Քու ընկերներուդ հօտերուն քով
Ինչո՞ւ #1:7 Կամ, նուաղածիթափառականի պէս ըլլամ։
ՄԱՐԴԸ
8Եթէ դուն չես գիտեր, ո՛վ կիներուն գեղեցիկը,
Հօտերուն շաւիղներէն գնա՛
Ու հովիւներուն վրաններուն քով քու ուլերդ արածէ։
9Փարաւոնին կառքերուն լծուած ձիերուն նմանցուցի քեզ, ո՛վ իմ սիրուհիս։
10Քու այտերդ զարդերով գեղեցիկ են
Եւ քու պարանոցդ՝ քառամանեակներով։
11Քեզի ոսկեղէն զարդեր պիտի շինենք
Արծաթէ կիտուածներով։
ԿԻՆԸ
12Երբ թագաւորը սեղանն էր,
Իմ նարդոսս իր հոտը բուրեց։
13Իմ սիրականս ինծի #1:13 Այսինքն, սեւ խունկիստաշխի ծրարին պէս է,
Գիշերը իմ ստինքներուս մէջ պիտի հանգչի։
14Իմ սիրականս հինայի ողկոյզին պէս է ինծի
Ենգադդիի այգիներուն մէջ։
ՄԱՐԴԸ
15Ահա գեղեցիկ ես, ո՛վ իմ սիրուհիս,
Ահա գեղեցիկ ես. քու աչքերդ աղաւնիներու աչքերուն նման են։
ԿԻՆԸ
16Ո՛վ իմ սիրականս, ահա գեղեցիկ ես ու վայելուչ
Եւ մեր անկողինը կանանչ է։
17Մեր տուներուն գերանները եղեւնափայտէ են
Ու մեր առիքները մայրի փայտէ են։
Currently Selected:
ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ 1: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.