YouVersion Logo
Search Icon

ԺՈՂՈՎՈՂԻ 11

11
Ի՞ՆՉ ԿԸՆԷ ԻՄԱՍՏՈՒՆԸ
1Քու հացդ ջուրերու երեսին վրայ ձգէ,
Վասն զի շատ օրերէն ետքը զանիկա պիտի գտնես։
2Եօթնին եւ ութին ալ բաժին տուր,
Վասն զի չես գիտեր թէ երկրի վրայ ի՛նչ պատուհաս պիտի գայ։
3Եթէ ամպերը լեցուն ըլլան,
Երկրի վրայ անձրեւ կը թափեն։
Երբ ծառ մը դէպի հարաւ կամ դէպի հիւսիս իյնայ,
Այն ծառը ինկած տեղը կը մնայ։
4Հովը դիտողը չի կրնար ցանել
Եւ ամպերուն նայողը չի կրնար հնձել։
5Ինչպէս դուն #11:5 Կամ, հոգիինհովին ճամբան ո՛րն ըլլալը
Ու յղիին որովայնին մէջ ոսկորներուն ի՛նչպէս կազմուիլը չես գիտեր,
Նոյնպէս ամենաստեղծ Աստուծոյն գործը չես գիտեր։
6Առտուն քու սերմդ ցանէ
Եւ իրիկունը քու ձեռքդ պարապ մի՛ թողուր.
Վասն զի չես գիտեր թէ ո՞րը օգտակար պիտի ըլլայ՝
Ա՞յս թէ այն,
Կամ թէ երկուքը հաւասարապէս աղէկ պիտի ըլլան։
7Իրաւ որ լոյսը քաղցր է
Ու արեւը տեսնելը աչքերու ախորժելի է։
8Թէեւ մարդ մը շատ տարի ապրի
Ու անոնց ամենուն մէջ ուրախանայ,
Խաւարի օրերն ալ յիշելու է,
Վասն զի անոնք շատ պիտի ըլլան։
Բոլոր գալիքը ունայնութիւն է։
ԽՐԱՏ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻՆ
9Ո՛վ երիտասարդ, քու մանկութեանդ մէջ ուրախ եղիր
Ու երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ սիրտդ թող քեզ զուարճացնէ
Եւ քու սրտիդ ճամբաներովը
Ու աչքերուդ նայուածքով քալէ.
Բայց գիտցիր թէ ասոնց ամենուն համար
Աստուած քեզ դատաստանի պիտի կանչէ։
10Քու սրտէդ տրտմութիւնը վերցո՛ւր
Ու մարմնէդ չարութիւնը հեռացո՛ւր,
Վասն զի մանկութիւնն ու երիտասարդութիւնն ալ ունայնութիւն են։

Currently Selected:

ԺՈՂՈՎՈՂԻ 11: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in