ԺՈՂՈՎՈՂԻ 10
10
1Մեռած ճանճերը իւղագործին իւղը գարշահոտ կ’ընեն։
Քիչ մը անմտութիւնն ալ #10:1 Կամ, իմաստութենէն ու պատիւէն աւելիիմաստութեամբ եւ պատուով երեւելի սեպուած մարդը այնպէս կ’ընէ՝ ՝։
2Իմաստունին սիրտը իր աջ կողմն է,
Իսկ անմիտին սիրտը իր ձախ կողմն է։
3Անմիտ մարդը ճամբան քալելու ատենն ալ՝
Խելքը պակաս ըլլալուն համար՝ իր յիմար ըլլալը ամենուն կը յայտնէ։
4Եթէ իշխանին բարկութիւնը քեզի դէմ ելլէ,
Քու տեղդ մի՛ ձգեր,
Վասն զի քաղցրութիւնը մեծ յանցանքները կը դադրեցնէ։
5Արեւուն տակ չարութիւն մըն ալ տեսայ,
Որպէս թէ իշխանին երեսէն ելած անխոհեմութիւն մը ըլլար։
6Անմտութիւնը խիստ բարձր տեղերու վրայ կը դրուի
Ու հարուստները ցած տեղ մը կը նստին։
7Տեսայ ծառաներ, որոնք ձիերու վրայ հեծեր էին
Եւ իշխաններ, որոնք հետիոտն կը քալէին։
8Փոս փորողը ինք անոր մէջ կ’իյնայ
Ու օձը կը խածնէ ցանկ քակողը։
9Քարեր կտրողը անոնցմէ կը վնասուի
Եւ փայտ ճեղքողը անկէ վտանգի մէջ կ’իյնայ։
10Եթէ երկաթը բթացած է ու անոր բերանը չոր է,
Այն ատեն մարդը իր ոյժը կրկնապատկելու է.
Բայց իմաստութիւնը կ’օգնէ, որ յաջողի։
11Եթէ օձը թովելէն առաջ խածնէ,
Այն ատեն թովիչը օգուտ մը չունենար։
12Իմաստունին բերնին խօսքերը շնորհալի են,
Բայց անմիտին շրթունքները զինք կ’սպառեն։
13Անոր բերնին խօսքերուն սկզբնաւորութիւնը անմտութիւն է
Ու անոր խօսքին վերջը կատաղի խենդութիւն է։
14Յիմարը իր խօսքերը կը շատցնէ։
Մարդ ինչ ըլլալիքը չի գիտեր։
Անոր ո՞վ պիտի յայտնէ
Թէ անկէ ետքը ի՛նչ պիտի ըլլայ։
15Յիմարներուն աշխատանքը զիրենք կը յոգնեցնէ,
Քաղաքին ճամբան չգիտցողին պէս։
16Վա՜յ քեզի, երկի՛ր, երբ քու թագաւորդ մանուկ է
Ու իշխաններդ առտուն կերակուր կ’ուտեն։
17Երա՜նի քեզի, երկի՛ր, երբ քու թագաւորդ ազնուազարմ է
Եւ քու իշխաններդ ժամանակին կ’ուտեն՝
Ուժի համար եւ ո՛չ թէ գինովութեան համար։
18Ծուլութիւնով շէնքը կը փլչի
Եւ ձեռքերու թուլութիւնով տունը կը կաթի։
19Կոչունքը ծիծաղելու համար կ’ընէն
Ու գինին կեանքը կ’ուրախացնէ.
Իսկ արծաթը ամէն բան կը գոհացնէ։
20Մտքիդ մէջ անգամ թագաւորին անէծք մի՛ տար
Եւ քու ննջարանիդ մէջ մեծերուն անէծք մի՛ տար.
Վասն զի երկնքի թռչունը այդ ձայնը կը տանի
Ու թեւաւորը խօսքը կը պատմէ։
Currently Selected:
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 10: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.