ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 14
14
ԻԿՈՆԻՈՆԻ ՄԷՋ
1Պօղոս եւ Բառնաբաս մէկտեղ Իկոնիոնի մէջ Հրեաներուն ժողովարանը մտան եւ այնպէս խօսեցան, որ խիստ շատ Հրեաներ եւ Յոյներ հաւատացին։ 2Բայց չհաւատացող Հրեաները դրդեցին ու չարութեան գրգռեցին հեթանոսներուն սիրտը եղբայրներուն դէմ։ 3Անոնք շատ ժամանակ հոն կենալով՝ համարձակ կը քարոզէին Տէրոջմով որ իր շնորհաց խօսքին կը վկայէր եւ նշաններ ու հրաշքներ ընել կու տար անոնց ձեռքով։ 4Քաղաքին ժողովուրդին մէջ երկպառակութիւն մը եղաւ. ոմանք Հրեաներուն կողմէն եղան, ոմանք ալ՝ առաքեալներուն։ 5Երբ հեթանոսները եւ Հրեաները իրենց իշխաններովը անոնց վրայ յարձակեցան՝ զանոնք նախատելու ու քարկոծելու, 6Իրենք իմանալով Լիկայոնացիներուն քաղաքները փախան՝ Լիւստրա եւ Դերբէ եւ շրջակայ տեղերը՝ ու հոն աւետարանը կը քարոզէին։
ԼԻՒՍՏՐԱՅԻ ԵՒ ԴԵՐԲԷԻ ՄԷՋ
7Լիւստրայի մէջ մարդ մը նստեր էր ոտքերովը տկար՝ իր մօրը որովայնէն կաղ ծնած, որ բնաւ քալած չէր։ 8Ասիկա Պօղոսին մտիկ կ’ընէր։ Ան ալ աչքը անոր տնկելով եւ տեսնելով թէ բժշուելու հաւատք ունի, 9Բարձր ձայնով մը ըսաւ. «Ելի՛ր, ոտքերուդ վրայ շիտա՛կ կայնէ»։ Ան ալ ցատկելով՝ կը քալէր։ 10Ժողովուրդը, երբ Պօղոսին ըրածը տեսաւ, ձայներնին վերցնելով՝ Լիկայոնարէն ըսին. «Աստուածները մարդոց նմանութիւնով մեզի իջեր են»։ 11Բառնաբասը Դիոս կը կոչէին եւ Պօղոսը՝ Հերմէս, վասն զի անիկա էր գլխաւոր խօսողը։ 12Իսկ քաղաքին առջեւ եղած Դիոսին քուրմը ցուլեր եւ պսակներ բերելով դռներուն առջեւ, բազմութեանը հետ մէկտեղ կ’ուզէր որ զոհ ընէ։ 13Բայց Բառնաբաս ու Պօղոս առաքեալները երբ լսեցին, իրենց հանդերձները պատռելով՝ դուրս ցատկեցին բազմութեանը մէջ, աղաղակելով ու ըսելով. 14«Մարդի՛կ, ինչո՞ւ համար այդ բաները կ’ընէք։ Մենք ալ ձեզի պէս կիրք ունեցող մարդիկ ենք ու կը քարոզենք ձեզի, որ այդ փուճ բաներէն կենդանի Աստուծոյ դառնաք, որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու բոլոր անոնց մէջ եղածները, 15Որ անցած դարերուն թող տուաւ բոլոր ազգերուն, որ իրենց ճամբաները երթան։ 16Սակայն ինքզինք առանց վկայութեան չթողուց, բարերարութիւնով երկնքէն #14:16 Ոմանք, ձեզիմեզի անձրեւներ ու պտղաբեր եղանակներ տալով, կերակուրներով եւ ուրախութիւնով #14:16 Ոմանք, ձերմեր սրտերը լեցնելով»։ 17Այս բաները ըսելով՝ հազիւ կրցան ժողովուրդը զսպել, որ իրենց զոհ չմատուցանեն։
18Սակայն Անտիոքէն ու Իկոնիոնէն Հրեաներ հասան ու ժողովուրդը համոզեցին եւ Պօղոսը քարկոծեցին ու քաղաքէն դուրս քաշեցին՝ կարծելով թէ մեռած է։ 19Բայց աշակերտները, երբ անոր բոլորտիքը պատեցին, ելաւ քաղաքը մտաւ ու հետեւեալ օրը Բառնաբասին հետ մէկտեղ Դերբէ գնաց։
ՎԵՐԱԴԱՐՁ ՍՈՒՐԻՈՅ ԱՆՏԻՈՔ
20Անոնք այն քաղաքին մէջ աւետարանը քարոզելով ու շատերը աշակերտ ընելով՝ Լիւստրա եւ Իկոնիոն եւ Անտիոք դարձան, 21Աշակերտներուն սրտերը հաստատելով եւ յորդորելով, որ հաստատ մնան հաւատքի մէջ եւ կ’ըսէին թէ՝ «Շատ նեղութիւն կրելով կրնաք Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել»։ 22Անոնք իւրաքանչիւր եկեղեցիի երէցներ ձեռնադրեցին, ծոմապահութեամբ աղօթք ընելով զանոնք յանձնեցին Տէրոջը՝ որուն հաւատացեր էին։ 23Պիսիդիայի մէջէն պտըտելով՝ գացին Պամփիւլիա։ 24Պերգէի մէջ Տէրոջը խօսքը խօսելէ ետք, Ատալիա իջան։ 25Անկէ ալ նաւով Անտիոք գացին, ուրկէ Աստուծոյ շնորհքին յանձնուած էին այն գործին համար որ կատարեցին։ 26Ու երբ եկան, եկեղեցին մէկտեղ ժողվելով՝ պատմեցին ինչ որ Աստուած ըրեր էր իրենց միջոցով եւ որ հեթանոսներուն հաւատքի դուռ բացեր էր։ 27Հոն երկար ժամանակ աշակերտներուն քով կեցան։
Currently Selected:
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 14: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.