YouVersion Logo
Search Icon

ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 13

13
ԲԱՌՆԱԲԱՍՆ ՈՒ ՍՕՂՈՍԸ Կ’ԸՆՏՐՈՒԻՆ ՈՒ ԿԸ ՂՐԿՈՒԻՆ
1Անտիոքի մէջ եղած եկեղեցիէն քանի մը մարգարէներ ու վարդապետներ կային, Բառնաբաս ու Շմաւոն, որ Նիւգէր կը կոչուէր եւ Ղուկիոս Կիւրենացին ու Մանայէն, Հերովդէս չորրորդապետին սննդակիցը եւ Սօղոս։ 2Երբ ասնոք Տէրոջը պաշտօնին մէջ էին եւ ծոմ կը պահէին, Սուրբ Հոգին ըսաւ. «Զատեցէ՛ք ինծի Բառնաբասը եւ Սօղոսը այն գործին համար, որուն ես կանչեր եմ անոնք»։ 3Այն ատեն ծոմ պահելով եւ աղօթք ընելով՝ ձեռք դրին անոնց վրայ ու ղրկեցին։
ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ
4Անոնք ալ Սուրբ Հոգիէն ղրկուած՝ Սելեւկիա իջան ու անկէ անցան Կիպրոս։ 5Սաղամինա հասնելով՝ Հրեաներու ժողովարաններուն մէջ Աստուծոյ խօսքը կը քարոզէին ու Յովհաննէսն ալ իրենց սպասաւորութիւն կ’ընէր։ 6Անոնք պտըտելով այն [բոլոր] կղզին գացին մինչեւ Պափոս, հոն գտան սուտ մարգարէ՝ Հրեայ մոգ մը, որուն անունը Բարեյեսու էր, 7Որ փոխանորդ բդեշխին հետ էր, որ կը կոչուէր Սերգիոս Պօղոս, խելացի մարդ մը։ Ասիկա Բառնաբասը եւ Սօղոսը հրաւիրելով՝ ուզեց Աստուծոյ խօսքը լսել։ 8Սակայն անոնց դէմ կեցաւ Եղիմաս մոգ, (քանզի այսպէս կը թարգմանուի անոր անունը,) որ կ’ուզէր փոխանորդ բդեշխը հաւատքէն դարձնել։ 9Բայց Սօղոս, որ Պօղոս ալ կը կոչուի, Սուրբ Հոգիով լեցուած, աչքերը անոր վրայ տնկեց 10Ու ըսաւ. «Ո՜վ ամէն խաբեբայութիւնով եւ ամէն խորամանկութիւնով լեցուած Սատանայի որդի, թշնամի բոլոր արդարութեան, պիտի չդադրի՞ս Տէրոջը շիտակ ճամբաները ծռելէ։ 11Հիմա Տէրոջը ձեռքը ահա քու վրադ է ու կոյր պիտի ըլլաս՝ ատեն մը արեւը չտեսնելով»։ Իսկոյն անոր վրայ մէգ ու խաւար իջաւ ու պտըտելով առաջնորդ կը փնտռէր։ 12Այն ատեն փոխանորդ բդեշխը, երբ այս բաները տեսաւ՝ հաւատաց, մեծապէս զարմանալով Տէրոջը վարդապետութեանը վրայ։
ՊԻՍԻԴԻԱՅԻ ԱՆՏԻՈՔԻՆ ՄԷՋ
13Պօղոս ու իր ընկերները Պափոսէն ելան, գացին Պամփիւլիայի Պերգէն. բայց Յովհաննէս անոնցմէ զատուելով՝ Երուսաղէմ անցաւ։ 14Անոնք ալ Պերգէէն գացին ու հասան Պիսիդիայի Անտիոքը եւ շաբաթ օրը ժողովարան մտնելով՝ նստան։ 15Ու օրէնքին եւ մարգարէներուն կարդացուելէն յետոյ՝ ժողովրդապետները մարդ ղրկեցին իրենց ու ըսին. «Մարդի՛կ եղբայրներ, եթէ դուք ժողովուրդին խօսելու յորդորական խօսք մը ունիք՝ խօսեցէք»։ 16Այն ատեն Պօղոս ոտքի կայնելով՝ ձեռքը շարժեց ու ըսաւ. «Ո՛վ Իսրայէլացի մարդիկ եւ դուք որ Աստուծմէ կը վախնաք, մտի՛կ ըրէք։ 17Այս Իսրայէլ ժողովուրդին Աստուածը մեր հայրերը ընտրեց ու ժողովուրդը բարձրացուց Եգիպտոսի մէջ պանդխտութեան ատենը եւ զօրաւոր բազուկով զանոնք հանեց։ 18Քառասուն տարի անապատին մէջ կերակրեց զանոնք։ 19Քանանի երկրին մէջ եօթը ազգ կործանելով՝ անոնց երկիրը իրենց տուաւ որ ժառանգեն։ 20Անկէ յետոյ չորս հարիւր յիսուն տարիի չափ դատաւորներ տուաւ անոնց մինչեւ Սամուէլ մարգարէն։ 21Ետքը թագաւոր ուզեցին եւ Աստուած Կիսի որդին Սաւուղը տուաւ անոնց, Բենիամինին ցեղէն մարդ մը, քառասուն տարի։ 22Յետոյ զանիկա փոխեց, Դաւիթը տուաւ իրենց թագաւոր, որուն համար վկայութիւն տալով՝ ըսաւ. «Յեսսէի որդին Դաւիթը գտայ իմ սրտիս համեմատ մարդ, որ իմ բոլոր կամքս պիտի կատարէ»։ 23Ասոր սերունդէն Աստուած իր խոստումին պէս Իսրայէլին՝ Փրկիչ Յիսուսը հանեց. 24Դեռ անիկա իր պաշտօնը չսկսած՝ Յովհաննէս նախապէս Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին ապաշխարութեան մկրտութիւնը քարոզեց։ 25Երբ Յովհաննէս իր ընթացքը կը կատարէր՝ ըսաւ. ‘Ո՞վ կը կարծէք թէ եմ. ես Քրիստոսը չեմ, հապա անիկա ահա՛ իմ ետեւէս կու գայ, որուն ոտքերուն կօշիկները քակելու արժանի չեմ’։ 26Մարդի՛կ եղբայրներ, Աբրահամին տոհմին որդիներ՝ անոնք որ ձեր մէջ աստուածավախ են՝ այս փրկութեան խօսքը ձեզի ղրկուեցաւ։ 27Քանզի Երուսաղէմ բնակողները եւ անոնց իշխանները ո՛չ զանիկա ճանչցան, ո՛չ ալ մարգարէներուն ձայները՝ որոնք ամէն շաբաթ օրերը կը կարդացուին, բայց գրուածները կատարեցին՝ զինք դատապարտելով 28Եւ մահուան պատճառ մըն ալ չգտած, Պիղատոսէն խնդրեցին, որ անիկա սպաննուի։ 29Երբ անոր համար բոլոր գրուած բաները կատարեցին, փայտէն վար իջեցնելով՝ գերեզմանին մէջ դրին։ 30Բայց Աստուած զանիկա յարուցանեց մեռելներէն։ Յիսուս շատ օրեր երեւցաւ անոնց, 31Որ իրեն հետ Գալիլիայէն Երուսաղէմ ելեր էին, որոնք հիմա անոր վկաներն են ժողովուրդին առջեւ։ 32Մենք ալ ձեզի կը քարոզենք այն խոստումը, որ հայրերուն ըրած էր, 33Որ Աստուած կատարեց մեզի, որ անոնց զաւակներն ենք, Յիսուսը յարուցանելով, ինչպէս երկրորդ սաղմոսին մէջ ալ գրուած է. ‘Դուն իմ Որդիս ես, ես այսօր քեզ ծնայ’։ 34Եւ որ զանիկա մեռելներէն յարուցանեց, անգամ մըն ալ ապականութիւն պիտի չտեսնէ։ Այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեզի պիտի տամ Դաւիթին հաւատարիմ սուրբ խոստումները’։ 35Եւ ուրիշ սաղմոսի մը մէջ ալ կ’ըսէ. ‘Քու Սուրբիդ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս’։ 36Վասն զի Դաւիթ իր դարուն մէջ Աստուծոյ կամքին ծառայելով՝ մեռաւ ու իր հայրերուն քով դրուեցաւ եւ ապականութիւն տեսաւ։ 37Բայց ան, որ Աստուած յարուցանեց՝ ապականութիւն չտեսաւ։ 38Ուրեմն յայտնի ըլլայ ձեզի, մարդի՛կ եղբայրներ, որ Յիսուսի միջոցով ձեզի մեղքերու թողութիւն կը քարոզուի։ 39Այն ամէ՛ն բաներէն՝ որոնցմէ Մովսէսին օրէնքովը չկրցաք արդարանալ, բայց ամէն ով որ Յիսուսին հաւատայ, պիտի արդարանայ։ 40Արդ՝ զգուշացէ՛ք, որ չըլլայ թէ ձեր վրայ գայ այն որ մարգարէներուն մէջ ըսուած է. 41‘Նայեցէ՛ք, արհամարհողներ եւ զարմացէ՛ք ու ոչնչացէ՛ք. վասն զի գործ մը պիտի ընեմ ձեր օրերուն մէջ, այնպիսի գործ մը՝ որ եթէ մէկը ձեզի պատմէ, պիտի չհաւատաք’։
42Երբ անկէ դուրս ելան, #13:42 Ոմանք, հեթանոսները կ’աղաչէինկ’աղաչէին որ հետեւեալ շաբաթ՝ ՝ ալ նոյն խօսքերը իրենց խօսին։ 43Երբ ժողովուրդը արձակուեցաւ, Հրեաներէն ու նորահաւատ բարեպաշտներէն շատեր Պօղոսին ու Բառնաբասին ետեւէն կ’երթային. որոնք կը խօսէին անոնց հետ ու կը յորդորէին զանոնք, որ միշտ Աստուծոյ շնորհքին մէջ հաստատ կենան։ 44Հետեւեալ շաբաթ օրը գրեթէ բոլոր քաղաքը հաւաքուեցաւ Աստուծոյ խօսքը լսելու։ 45Իսկ Հրեաները երբ տեսան այն բազմութիւնը, նախանձով լեցուեցան ու Պօղոսին ըսածներուն դէմ կը խօսէին՝ հակառակելով ու հայհոյութիւն ընելով։ 46Այն ատեն Պօղոս եւ Բառնաբաս համարձակեցան ու ըսին. «Պէտք էր առաջ ձեզի խօսուէր Աստուծոյ խօսքը, բայց որովհետեւ դուք զանիկա կը մերժէք ու ինքզինքնիդ յաւիտենական կեանքի արժանի չէք սեպեր, ահա մենք հեթանոսներուն կը դառնանք։ 47Վասն զի Տէրը այսպէս պատուիրած է մեզի. ‘Քեզ հեթանոսներուն լոյս դրի, որպէս զի դուն փրկութեան պատճառ ըլլաս մինչեւ երկրին ծայրերը’»։ 48Ասիկա լսելով՝ հեթանոսները կ’ուրախանային ու Աստուծոյ խօսքը կը փառաւորէին եւ որոնք որ յաւիտենական կեանքի սահմանուած էին, հաւատացին։ 49Տէրոջը խօսքը բոլոր գաւառը կը տարածուէր։ 50Բայց Հրեաները գրգռեցին բարեպաշտ եւ պատուաւոր կիները ու քաղաքին մեծերը եւ Պօղոսին ու Բառնաբասին դէմ հալածանք հանելով՝ զանոնք իրենց սահմաններէն դուրս ըրին։ 51Անոնք ալ իրենց ոտքերուն փոշին անոնց դէմ թօթուելով՝ Իկոնիոն գացին։ 52Աշակերտները ուրախութեամբ եւ Սուրբ Հոգիով կը լեցուէին։

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in