YouVersion Logo
Search Icon

ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 11

11
ՊԵՏՐՈՍԻՆ ԶԵԿՈՒՑՈՒՄԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՄԷՋ
1Առաքեալներն ու եղբայրները, որոնք Հրէաստանի կողմերն էին, լսեցին թէ հեթանոսներն ալ Աստուծոյ խօսքը ընդուներ են։ 2Երբ Պետրոս Երուսաղէմ գնաց, թլփատուածները անոր հետ կը վիճէին 3Ու կ’ըսէին թէ՝ «Դուն անթլփատ մարդոց քով մտար եւ անոնց հետ հաց կերար»։ 4Պետրոս ալ սկսաւ բանը կարգով պատմել անոնց. 5«Ես Յոպպէ քաղաքը աղօթք կ’ընէի ու մտքի յափշտակութեան մէջ տեսիլք մը տեսայ. աման մը մեծ կտաւի պէս՝ չորս ծայրերէն երկնքէն կախուած իջաւ ու մինչեւ ինծի հասաւ, 6Որուն վրայ աչքս տնկեր կը նայէի եւ տեսայ չորքոտանիներ ու գազաններ եւ սողուններ ու երկնքի թռչուններ։ 7Եւ ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր ինծի. ‘Ելի՛ր, Պետրոս, մորթէ՛ ու կեր’։ 8Բայց ես ըսի. ‘Քա՛ւ լիցի, Տէ՛ր, վասն զի պիղծ կամ անմաքուր բան մը ամենեւին մտած չէ իմ բերանս’։ 9Երկրորդ անգամ այն ձայնը երկնքէն ըսաւ. ‘Զայն որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր’։ 10Ասիկա երեք անգամ կրկնուեցաւ ու բոլորը երկինք քաշուեցաւ։ 11Նոյն ատեն երեք մարդ՝ Կեսարիայէն ինծի ղրկուած՝ եկան իմ եղած տանս առջեւ կեցան։ 12Հոգին ալ ինծի ըսաւ, որ անոնց հետ երթամ առանց խղճահարութեան։ Այս վեց եղբայրներն ալ ինծի հետ էին ու մտանք այն մարդուն տունը։ 13Եւ անիկա մեզի պատմեց թէ ի՛նչպէս իր տանը մէջ հրեշտակ մը տեսաւ, որ կայներ էր եւ իրեն կ’ըսէր. ‘Մա՛րդ ղրկէ Յոպպէ ու կանչէ՛ Սիմոնը որ Պետրոս ալ կը կոչուի. 14Ան քեզի խօսքեր պիտի խօսի, որպէս զի փրկուիք դուն եւ քու բոլոր տունդ’։ 15Ու երբ սկսայ խօսիլ, Սուրբ Հոգին անոնց վրայ իջաւ, ինչպէս նախապէս մեր վրայ ալ։ 16Այն ատեն յիշեցի Տէրոջը խօսքը, որ կ’ըսէր. ‘Յովհաննէս ջրով մկրտեց, բայց դուք Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք’։ 17Ուստի եթէ Աստուած միեւնոյն շնորհքը տուաւ անոնց, ինչպէս մեզի ալ, երբ Տէր Յիսուս Քրիստոսին հաւատացին. ես ո՞վ էի, որ կարենայի Աստուծոյ դէմ դնել»։ 18Այս բաները լսելով՝ ձայներնին կտրեցին եւ Աստուած կը փառաւորէին ու կ’ըսէին. «Ուրեմն Աստուած հեթանոսներուն ալ կեանքի համար ապաշխարութիւն տուաւ»։
ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱՆՏԻՈՔԻ ՄԷՋ
19Ստեփանոսին մահուան վրայ եկած նեղութենէն ցիրուցան եղածները մինչեւ Փիւնիկէ, Կիպրոս եւ Անտիոք հասան, բայց ոեւէ մէկուն Աստուծոյ խօսքը չէին խօսիր, միայն՝ Հրեաներուն։ 20Անոնցմէ ոմանք Կիպրացի եւ Կիւրենացի մարդիկ էին, որոնք երբ Անտիոք մտան, #11:20 Ոմանք, յոյներունՀելլենացիներուն հետ կը խօսէին՝ Տէր Յիսուսը քարոզելով։ 21Տէրոջը ձեռքը անոնց հետ էր։ Բազմաթիւ մարդիկ հաւատալով՝ Տէրոջը դարձան։ 22Այս լուրը Երուսաղէմի եկեղեցիին ականջը հասաւ ու Բառնաբասը ղրկեցին, որպէս զի մինչեւ Անտիոք երթայ։ 23Որը, երբ գնաց եւ Աստուծոյ շնորհքը տեսաւ՝ ուրախացաւ ու կը յորդորէր ամէնքն ալ՝ որ յօժար սրտով Տէրոջը հետ կապուած մնան. 24Քանզի ինք բարի մարդ էր, Սուրբ Հոգիով եւ հաւատքով լեցուն ու Տէրոջը շատ ժողովուրդ աւելցաւ։ 25Ետքը Բառնաբաս Տարսոն անցաւ Սօղոսը փնտռելու։ Զանիկա գտնելով՝ Անտիոք բերաւ։ 26Անոնք լման տարի մը եկեղեցիին հետ մէկտեղ հաւաքուելով՝ շատ ժողովուրդի սորվեցուցին։ Ամենէն առաջ Անտիոքի մէջ աշակերտները Քրիստոնեայ անուանուեցան։
27Այն օրերը Երուսաղէմէն մարգարէներ իջան Անտիոք։ 28Անոնցմէ մէկը, Ագաբոս անունով, ելաւ իմացուց Հոգիին զօրութիւնովը, թէ մեծ սով մը պիտի ըլլայ բոլոր աշխարհը, որ իրապէս եղաւ #11:28 Ոմանք, Կղօղիոս կայսրինԿղօդիոսի օրերը։ 29Աշակերտները որոշեցին, որ իրենցմէ ամէն մէկը ձեռքէն եկածին չափ Հրէաստանի մէջ բնակող եղբայրներուն օգնութիւն ղրկեն։ 30Այդպէս ալ կատարեցին, երէցներուն ղրկելով Բառնաբասին ու Սօղոսին ձեռքով։

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in