Ուստի եթէ Աստուած միեւնոյն շնորհքը տուաւ անոնց, ինչպէս մեզի ալ, երբ Տէր Յիսուս Քրիստոսին հաւատացին. ես ո՞վ էի, որ կարենայի Աստուծոյ դէմ դնել»։ Այս բաները լսելով՝ ձայներնին կտրեցին եւ Աստուած կը փառաւորէին ու կ’ըսէին. «Ուրեմն Աստուած հեթանոսներուն ալ կեանքի համար ապաշխարութիւն տուաւ»։