YouVersion Logo
Search Icon

ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 3

3
ՅԻՍՈՒՍ ՄՈՎՍԷՍԷՆ ՄԵԾ Է
1Սո՛ւրբ եղբայրներ, երկնային կոչումին մասնակիցներ, նայեցէ՛ք մեր դաւանութեանը Առաքեալին ու Քահանայապետին, Քրիստոս Յիսուսին, 2որ հաւատարիմ է Աստուծոյ, որ զինք դրաւ, ինչպէս Մովսէս ալ՝ անոր բոլոր տանը մէջ։ 3Վասն զի ինք Մովսէսէն այնչափ աւելի փառքի արժանացաւ, որչափ աւելի պատիւ կ’ունենայ տանը շինողը քան՝ տունը։ 4Քանզի ամէն տուն՝ շինող մը ունի. բայց ան որ բոլոր բաները շինեց՝ Աստուած է։ 5Եւ յիրաւի Մովսէս անոր բոլոր տանը մէջ հաւատարիմ էր ծառայի մը պէս՝ ըսուածներուն վկայ ըլլալու համար. 6բայց Քրիստոս՝ որդիի մը պէս իր տանը վրայ, որուն տունը մենք ենք, միայն թէ այն համարձակութիւնը եւ յոյսին պարծանքը մինչեւ վերջը հաստատ բռնենք։
ՀԱՆԳԻՍՏ ՄԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ
7Ուստի, ինչպէս կ’ըսէ Սուրբ Հոգին՝ «Այսօր եթէ անոր ձայնը պիտի լսէք. 8ձեր սրտերը մի՛ խստացնէք բարկացնելու ատենին պէս՝ անապատին մէջ փորձութեան օրը՝ 9ուր ձեր հայրերը զիս փորձեցին, քննեցին զիս, թէպէտեւ քառասուն տարի իմ գործերս տեսան։ 10Անոր համար զզուեցայ այն ազգէն ու ըսի. ‘Միշտ մոլորեցան իրենց սրտով եւ իմ ճամբաներս չճանչցան անոնք’. 11ուստի երդում ըրի իմ բարկութեանս մէջ թէ՝ իմ հանգիստս պիտի չմտնեն»։ 12Նայեցէ՛ք, ե՛ղբայրներ, չըլլայ որ ձեզմէ մէկուն ներսիդին անհաւատութեան չար սիրտ ըլլայ եւ ապստամբի կենդանի Աստուծոյ դէմ։ 13Հապա ամէն օր մէկզմէկ յորդորեցէ՛ք, քանի որ «Այսօր» կ’ըսուի, որ չըլլայ թէ ձեզմէ մէկը խստանայ մեղքին խաբէութիւնովը։ 14Քանզի մենք Քրիստոսին մասնակից եղած ենք, միայն թէ այն հաստատութեան սկիզբը մինչեւ վերջը պինդ բռնենք. 15քանի որ կ’ըսուի. «Այսօր եթէ անոր ձայնը պիտի լսէք, ձեր սրտերը մի՛ խստացնէք բարկացնելու ատենին պէս»։ 16Քանզի #3.16 Կամ, որո՞նք լսեցին ու բարկացուցին. չէ՞ որոմանք լսեցին ու բարկացուցին, բայց ոչ ամէնքը, որ Եգիպտոսէն ելած էին Մովսէսին ձեռքով։ 17Որոնցմէ՞ զզուեցաւ այն քառասուն տարին. չէ՞ որ մեղանչողներէն, որոնց ոսկորները անապատին մէջ ինկան։ 18Եւ որո՞նց համար երդում ըրաւ իր հանգիստը չմտցնել, եթէ ոչ՝ անհաւատներուն համար։ 19Եւ իրաւամբ չկրցան մտնել՝ իրենց անհաւատութեանը պատճառով։

Currently Selected:

ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 3: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy