YouVersion Logo
Search Icon

ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 2

2
ՄԵԾ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ
1Անոր համար պէտք է ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընենք մեր լսած բաներուն, որ չըլլայ թէ պակսինք։ 2Վասն զի եթէ այն խօսքը որ հրեշտակներուն ձեռքով ըսուեցաւ, հաստատուն եղաւ եւ ամէն յանցանք ու անհնազանդութիւն արդար հատուցում առին, 3հապա մենք ի՞նչպէս պիտի ազատինք՝ եթէ անհոգ ըլլանք այնպիսի մեծ փրկութեան մը մասին, որ նախ Տէրոջմէն հռչակուեցաւ ու լսողներուն ձեռքով հաստատուեցաւ. 4Աստուած ալ վկայեց նշաններով ու հրաշքներով եւ զանազան զօրութիւններով ու Սուրբ Հոգիին պարգեւներովը, ինչպէս ինք կամեցաւ։
ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ
5Վասն զի ո՛չ թէ հրեշտակներուն հնազանդեցուց այն գալու աշխարհը, որուն վրայով մենք կը խօսինք. 6հապա մէկը տեղ մը վկայեց ու ըսաւ. «Մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես կամ մարդու որդին՝ որ անոր այցելութիւն կ’ընես։ 7Քիչ մը վար ըրիր զանիկա հրեշտակներէն. փառքով ու պատուով պսակեցիր զանիկա եւ քու ձեռքերուդ գործերուն վրայ կեցուցիր զանիկա, 8ամէն բան անոր ոտքերուն տակ հնազանդեցուցիր»։ Ուստի ամէնքը անոր հնազանդեցուց, անոր չհնազանդող բան չձգեց. բայց հիմա ամէնքը անոր հնազանդած չենք տեսներ։ 9Սակայն Յիսուսը փառքով ու պատուով պսակուած կը տեսնենք՝ որ հրեշտակներէն քիչ մը վար եղած էր մահուան չարչարանքին համար, որպէս զի Աստուծոյ շնորհքովը ամենուն համար մահ ճաշակէ։ 10Որովհետեւ կը վայլէ, որ Ան (որուն համար եւ որով եղան բոլոր բաները) շատ որդիներ փառքը մտնելու համար, իրենց փրկութեան առաջնորդը չարչարանքով կատարեալ ընէ։
11Վասն զի ան որ կը սրբէ ու ան որ կը սրբուի, ամէնքն ալ մէկէ են. անոր համար ինք ամօթ չի սեպեր եղբայր կոչել զանոնք՝ ըսելով. 12«Քու անունդ եղբայրներուս պիտի պատմեմ, ժողովին մէջ քեզ պիտի գովեմ»։ 13Եւ դարձեալ՝ «Ես Աստուծոյ պիտի յուսամ» եւ դարձեալ՝ «Ահա ես ու այն զաւակները, որոնք Աստուած ինծի տուաւ»։ 14Որովհետեւ զաւակները մարմնին ու արիւնին հաղորդակցեցան, ինքն ալ անոնց բաժնեկից եղաւ, որպէս զի իր մահովը փճացնէ զանիկա որ մահուան իշխանութիւնը ունէր, այսինքն՝ Սատանան 15եւ ազատէ զանոնք որ մահուան վախովը միշտ ծառայութեան մէջ կ’ապրէին։ 16Քանզի բնաւ հրեշտակներուն չ’օգներ, հապա Աբրահամին սերունդին կ’օգնէ։ 17Անոր համար ան պէտք էր բոլորովին եղբայրներուն նմանէր, որպէս զի ինք ողորմած ըլլայ ու հաւատարիմ քահանայապետ՝ Աստուծոյ կողմանէ, ժողովուրդին մեղքերը քաւելու համար։ 18Քանզի ինչ բանով որ ինք չարչարուեցաւ փորձութիւն կրելով, կրնայ փորձուողներուն ալ օգնական ըլլալ։

Currently Selected:

ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 2: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy