ԱՌԱՋԻՆ ՊԵՏՐՈՍԻ 3:15-16
ԱՌԱՋԻՆ ՊԵՏՐՈՍԻ 3:15-16 WA2017
հապա Տէր Աստուածը սրտերնուդ մէջ սո՛ւրբ պահեցէք եւ միշտ պատրա՛ստ եղէք հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ պատասխան տալու ամենուն՝ որոնք ձեր ունեցած յոյսին մասին կը հարցնեն։ Մաքուր խղճմտանք ունեցէք, որպէս զի անոնք որ ձեզ կը բամբասեն իբրեւ չարագործներ ամօթով մնան, անոնց պէս որ Քրիստոսով եղած ձեր բարի վարքը կը պախարակեն։










