YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12

12
ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻԻՆ ՊԱՐԳԵՒՆԵՐԸ
1Հոգեւոր պարգեւ ներուն վրայով չեմ ուզեր, ե՛ղբայրներ, որ չգիտցող ըլլաք։ 2Դուք գիտէք թէ՝ երբ հեթանոս էիք, մունջ կուռքերուն կը տարուէիք ինչպէս կ’առաջնորդուէիք։ 3Ուստի այս ձեզի կ’իմացնեմ թէ մէկը չկայ որ Աստուծոյ Հոգիովը խօսի ու Յիսուսին նզովեալ ըսէ։ Եւ մէկն ալ չի կրնար Յիսուսը Տէր կոչել՝ եթէ ոչ Սուրբ Հոգիով։ 4Պարգեւները զանազան են, բայց տուողը նոյն Հոգին է։ 5Նաեւ պաշտօնները զանազան են, բայց նոյն Տէրը կու տայ։ 6Նոյնպէս ներգործութիւնները զանազան են, բայց նոյն Աստուածն է՝ որ կը ներգործէ ամէնքը ամէն բանի մէջ։ 7Բայց ամէն մէկուն Հոգիին յայտնութիւնը տրուած է բոլորին շահուն համար։ 8Մէկուն՝ Հոգիով իմաստութեան խօսք տրուած է, ուրիշին՝ գիտութեան խօսք, նոյն Հոգիին տուած չափովը. 9միւսին՝ հաւատք՝ նոյն Հոգիով. ուրիշին՝ բժշկութեան պարգեւներ՝ նոյն Հոգիով. 10ուրիշին՝ հրաշագործութիւններ, ուրիշին՝ մարգարէութիւն, ուրիշին՝ հոգիներու ընտրութիւն, ուրիշին՝ զանազան լեզուներ, ուրիշին՝ լեզուներու թարգմանութիւն։ 11Այս ամէնը միեւնոյն Հոգին կը նորգործէ եւ ամէն մէկուն զատ զատ կը բաժնէ՝ ինչպէս ուզէ։
ՄԷԿ ՄԱՐՄԻՆ՝ ՇԱՏ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՎ
12Քանզի ինչպէս մարմինը մէկ է եւ շատ անդամներ ունի եւ #12.12 Ոմանք, ան մէկայն մարմնին բոլոր անդամները, թէեւ շատ են, բայց մէկ մարմին են, նոյնպէս Քրիստոս ալ։ 13Վասն զի մենք ամէնքս մէ՛կ Հոգիով մէ՛կ մարմին ըլլալու մկրտուեցանք, թէ՛ Հրեաներ, թէ՛ հեթանոսներ, թէ՛ ծառաներ, թէ՛ ազատներ, եւ ամէնքս ալ մէ՛կ Հոգիէ խմեցինք։ 14Վասն զի մարմինը մէկ անդամ չէ, հապա շատ։ 15Եթէ ոտքը ըսէ՝ «Որովհետեւ ես ձեռք չեմ՝ մարմինէն չեմ», ատիկա պատճառ մը չէ, որ ալ մարմինէն չըլլայ։ 16Եթէ ականջը ըսէ. «Որովհետեւ ես աչք չեմ՝ մարմինէն չեմ», ատով չի դադրիր մարմինէն ըլլալէ։ 17Եթէ բոլոր մարմինը աչք ըլլար, լսելիքը ո՞ւր պիտի ըլլար եւ եթէ բոլորը լսելիք ըլլար, ո՞ւր պիտի ըլլար հոտոտելիքը։ 18Բայց Աստուած անդամներ դրաւ՝ մէկ մարմնի մէջ, ինչպէս ինքը ուզեց։ 19Բայց եթէ ամէնքը միայն մէկ անդամ ըլլային, մարմինը ո՞ւր պիտի ըլլար։ 20Բայց հիմա անդամները շատ են, իսկ մարմինը՝ մէկ։ 21Չի կրնար աչքը ըսել ձեռքին թէ՝ Դուն «ինծի պէտք չես» եւ ոչ ալ գլուխը՝ ոտքերուն՝ թէ «Դուք ինծի պէտք չէք»։ 22Մասնաւորաբար մարմնին այն անդամները որոնք շատ տկար կ’երեւնան, աւելի հարկաւոր են. 23մարմնին այն անդամները որոնք յաւէտ անպատիւ կը սեպենք, անոնց աւելի պատիւ կու տանք ու այսպէս մեր անվայելուչ անդամ ները աւելի վայելչութիւն ունին։ 24Ու մեր վայելուչ անդամ ներուն բան մը պէտք չէ. բայց Աստուած մարմինը բարեխառնեց ու պակասութիւն ունեցողին աւելի պատիւ տուաւ, 25որպէս զի մարմնին մէջ երկպառակութիւն չըլլայ, հապա անդամները միեւնոյն խնամքը ունենան իրարու վրայ։ 26Եւ եթէ մէկ անդամը նեղութիւն կրէ, բոլոր անդամները կը նեղուին անոր հետ եւ եթէ մէկ անդամը փառաւորուի, բոլոր անդամները կ’ուրախանան անոր հետ։ 27Արդ՝ դուք Քրիստոսին մարմինն էք եւ իւրաքանչիւրը մաս կը կազմէ անոր մարմնին։ 28Եւ Աստուած եկեղեցիին մէջ դրաւ մէկ քանիները, նախ՝ առաքեալներ, երկրորդ՝ մարգարէներ, երրորդ՝ վարդապետներ, ետքը՝ հրաշքներ գործողներ, ետքը՝ բժշկելու պարգեւ ունեցողներ, օգնողներ, կառավարողներ, լեզուներ խօսողներ։ 29Միթէ ամէնքը առաքեալնե՞ր են. միթէ ամէնքը մարգարէնե՞ր են. միթէ ամէնքը վարդապետնե՞ր են. միթէ ամէնքը հրաշքնե՞ր կը գործեն. 30միթէ ամէնքը բժշկութեան պարգեւնե՞ր ունին. միթէ ամէնքը լեզունե՞ր կը խօսին. միթէ ամէնքը թարգմանութի՞ւն կ’ընեն։
31Բայց դուք նախանձաւոր եղէք այն շնորհքներուն համար, որոնք լաւագոյնն են եւ ես՝ ա՛լ աւելի աղէկ ճամբայ մը պիտի ցուցնեմ ձեզի։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy