1
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:7
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
Բայց ամէն մէկուն Հոգիին յայտնութիւնը տրուած է բոլորին շահուն համար։
Compare
Explore ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:7
2
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:27
Արդ՝ դուք Քրիստոսին մարմինն էք եւ իւրաքանչիւրը մաս կը կազմէ անոր մարմնին։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:27
3
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:26
Եւ եթէ մէկ անդամը նեղութիւն կրէ, բոլոր անդամները կը նեղուին անոր հետ եւ եթէ մէկ անդամը փառաւորուի, բոլոր անդամները կ’ուրախանան անոր հետ։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:26
4
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:8-10
Մէկուն՝ Հոգիով իմաստութեան խօսք տրուած է, ուրիշին՝ գիտութեան խօսք, նոյն Հոգիին տուած չափովը. միւսին՝ հաւատք՝ նոյն Հոգիով. ուրիշին՝ բժշկութեան պարգեւներ՝ նոյն Հոգիով. ուրիշին՝ հրաշագործութիւններ, ուրիշին՝ մարգարէութիւն, ուրիշին՝ հոգիներու ընտրութիւն, ուրիշին՝ զանազան լեզուներ, ուրիշին՝ լեզուներու թարգմանութիւն։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:8-10
5
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:11
Այս ամէնը միեւնոյն Հոգին կը նորգործէ եւ ամէն մէկուն զատ զատ կը բաժնէ՝ ինչպէս ուզէ։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:11
6
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:25
որպէս զի մարմնին մէջ երկպառակութիւն չըլլայ, հապա անդամները միեւնոյն խնամքը ունենան իրարու վրայ։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:25
7
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:4-6
Պարգեւները զանազան են, բայց տուողը նոյն Հոգին է։ Նաեւ պաշտօնները զանազան են, բայց նոյն Տէրը կու տայ։ Նոյնպէս ներգործութիւնները զանազան են, բայց նոյն Աստուածն է՝ որ կը ներգործէ ամէնքը ամէն բանի մէջ։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:4-6
8
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:28
Եւ Աստուած եկեղեցիին մէջ դրաւ մէկ քանիները, նախ՝ առաքեալներ, երկրորդ՝ մարգարէներ, երրորդ՝ վարդապետներ, ետքը՝ հրաշքներ գործողներ, ետքը՝ բժշկելու պարգեւ ունեցողներ, օգնողներ, կառավարողներ, լեզուներ խօսողներ։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:28
9
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:14
Վասն զի մարմինը մէկ անդամ չէ, հապա շատ։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:14
10
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:22
Մասնաւորաբար մարմնին այն անդամները որոնք շատ տկար կ’երեւնան, աւելի հարկաւոր են.
Explore ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:22
11
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:17-19
Եթէ բոլոր մարմինը աչք ըլլար, լսելիքը ո՞ւր պիտի ըլլար եւ եթէ բոլորը լսելիք ըլլար, ո՞ւր պիտի ըլլար հոտոտելիքը։ Բայց Աստուած անդամներ դրաւ՝ մէկ մարմնի մէջ, ինչպէս ինքը ուզեց։ Բայց եթէ ամէնքը միայն մէկ անդամ ըլլային, մարմինը ո՞ւր պիտի ըլլար։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:17-19