1
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 11:36
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
WANTACoC
Որովհետեւ ամէն ինչ իրմէ է, իրմով եւ իրեն համար գոյութիւն ունի։ Յաւէտ փա՜ռք իրեն։ Ամէն։
Compare
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 11:36
2
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 11:33
Օ՜, ի՜նչ խորունկ են Աստուծոյ առատ ողորմութիւնը, իմաստութիւնն ու գիտութիւնը։ Որքա՜ն անքննելի են անոր վճիռները, եւ անզննելի են անոր ճամբաները։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 11:33
3
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 11:34
Եւ իրապէս, «Ո՞վ կրցաւ երբեք Տիրոջ միտքը կարդալ, կամ ո՞վ երբեք խորհուրդ տուաւ անոր.
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 11:34
4
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 11:5-6
Ներկայ ժամանակին նոյնպէս Աստուած իր շնորհքին իբրեւ արտայայտութիւն՝ իր ընտրութեամբ մնացորդ մը պահեց։ Արդ, եթէ ընտրութիւնը շնորհքի արտայայտութիւն է՝ ուրեմն մարդոց գործերէն կախում չունի. ապա թէ ոչ՝ շնորհքը այլեւս շնորհք չ՚ըլլար։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 11:5-6
5
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 11:17-18
Ճիշդ է որ այդ ճիւղերէն ոմանք կտրուեցան, եւ դուն՝ որ վայրի ձիթենի մըն էիր՝ անոնց տեղ պատուաստուեցար եւ այդ ձիթենիին արմատներէն եկող հարուստ աւիշը ըմպեցիր։ Բայց մի՛ պարծենար եւ մի՛ արհամարհեր կոտրած ճիւղերը. մի՛ մոռնար որ դո՛ւն արմատներուն վրայ հաստատուած ես եւ ո՛չ թէ արմատները քու վրադ։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 11:17-18
Home
Bible
Plans
Videos