1
ԱՌԱԿԱՑ 3:5-6
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ Եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր Ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ։
Compare
Explore ԱՌԱԿԱՑ 3:5-6
2
ԱՌԱԿԱՑ 3:7
Դուն քու աչքիդ առջեւ իմաստուն մի՛ ըլլար, Տէրոջմէ վախցի՛ր ու չարութենէ ե՛տ քաշուէ։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 3:7
3
ԱՌԱԿԱՑ 3:9-10
Տէրը պատուէ քու ստացուածքովդ եւ քու բոլոր բերքերուդ երախայրիներով Եւ քու շտեմարաններդ առատութիւնով պիտի լեցուին Ու հնձաններէդ նոր գինին դուրս պիտի թափի։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 3:9-10
4
ԱՌԱԿԱՑ 3:3
Ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը թող քեզ չթողուն. Զանոնք քու պարանոցիդ վրայ կապէ, Քու սրտիդ տախտակին վրայ գրէ՛ զանոնք։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 3:3
5
ԱՌԱԿԱՑ 3:11-12
Որդեա՛կ իմ, Տէրոջը խրատը մի՛ անարգեր Ու անոր յանդիմանութենէն մի՛ թուլնար. Վասն զի Տէրը իր սիրածը կը խրատէ, Ինչպէս հայր մը իր սիրական զաւկին կ’ընէ։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 3:11-12
6
ԱՌԱԿԱՑ 3:1-2
Որդեա՛կ իմ, մի՛ մոռնար իմ օրէնքս, Հապա քու սիրտդ թող իմ պատուիրանքներս պահէ. Վասն զի քեզի երկայն օրեր ու կենդանութեան տարիներ Եւ յաջողութիւն պիտի աւելցնեն։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 3:1-2
7
ԱՌԱԿԱՑ 3:13-15
Երանի՜ այն մարդուն, որ իմաստութիւն կը գտնէ Ու այն մարդուն, որ հանճար կը ստանայ. Վասն զի անոր շահը արծաթի շահէն աղէկ է Ու անոր արդիւնքը՝ զուտ ոսկիէն։ Անիկա գոհարներէն պատուական է Եւ քու բոլոր ցանկալի բաներդ չեն կրնար անոր հաւասարիլ։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 3:13-15
8
ԱՌԱԿԱՑ 3:27
Երբ ձեռքէդ աղէկութիւն ընել կու գայ, Կարօտ եղողէն՝ ՝ մի՛ խնայեր զանիկա։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 3:27
9
ԱՌԱԿԱՑ 3:19
Տէրը իմաստութիւնով հիմնեց երկիրը Եւ հանճարով հաստատեց երկինքը։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 3:19