Այն ատեն Յոբ ելաւ, իր պատմուճանը պատռեց եւ գլխուն մազերը կտրեց ու գետինը իյնալով երկրպագութիւն ըրաւ Ու ըսաւ. «Մօրս արգանդէն մերկ ելայ ու հոն մերկ պիտի դառնամ։ Տէրը տուաւ ու Տէրը առաւ, օրհնեալ ըլլայ Տէրոջը անունը»։ Այս ամենուն մէջ Յոբ չմեղանչեց ու Աստուծոյ դէմ անզգամութիւն չըրաւ։