1
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 9:10
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Ձեռքդ ինչ որ գտնէ ընելու, Բոլոր ուժովդ ըրէ, Քանզի գերեզմանիդ մէջ Գործ, խորհուրդ, գիտութիւն ու իմաստութիւն չկայ։
Compare
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 9:10
2
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 9:11
Դարձայ ու արեւուն տակ տեսայ, Թէ ճամբան վազողներունը չէ, Պատերազմը զօրաւորներունը չէ Նաեւ հացը իմաստուններունը չէ, Հարստութիւնն ալ հանճարեղներունը չէ, Նաեւ շնորհքը գիտուններունը չէ. Հապա ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուն։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 9:11
3
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 9:9
Քու սիրած կնոջդ հետ կեանքը վայլէ Քու ունայն կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ, Որ Աստուած քեզի տուաւ արեւուն տակ, Բոլոր ունայն օրերուդ մէջ։ Վասն զի այս կեանքին մէջ քու բաժինդ անիկա է Արեւուն տակ կատարած աշխատանքէդ։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 9:9
4
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 9:7
Գնա՛ հացդ ուրախութեամբ կե՛ր Ու գինիդ ուրախ սրտով խմէ՛, Վասն զի Աստուած քու գործերուդ հաւնեցաւ։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 9:7
5
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 9:18
Իմաստութիւնը պատերազմական զէնքերէն աղէկ է, Բայց մէկ մեղաւորը շատ բարիքներու կորուստին պատճառ կ’ըլլայ։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 9:18
6
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 9:17
Իմաստուններուն մեղմ խօսքերը Յիմարներուն մէջ իշխան եղողին աղաղակէն աղէկ կը լսուին։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 9:17
7
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 9:5
Որովհետեւ անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. Բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր Ու ալ վարձք մը չեն առներ. Վասն զի անոնց յիշատակը մոռցուեցաւ։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 9:5