1
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:13
Western Armenian Bible 1853
Իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք։
Compare
Explore ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:13
2
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:2
Վերի բաներուն վրայ մտածեցէք, ո՛չ թէ այս երկրին վրայիններուն։
Explore ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:2
3
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:23
Ինչ որ կ’ընէք՝ սրտանց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց
Explore ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:23
4
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:12
Ուստի Աստուծոյ ընտրեալ սուրբերու եւ սիրելիներու պէս ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը
Explore ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:12
5
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:16-17
Քրիստոսին խօսքը ձեր մէջ բնակի առատապէս ամէն իմաստութիւնով՝ իրարու սորվեցնելու ու խրատելու՝ սաղմոսներով եւ օրհնութիւններով ու հոգեւոր երգերով ձեր սրտերուն մէջ շնորհքով Աստուած օրհնելու։ Ամէն ինչ որ կ’ընէք թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործով՝ բոլորը Տէր Յիսուսին անունովը ըրէք, Աստուծոյ ու Հօրը գոհութիւն մատուցանելով անոր ձեռքով։
Explore ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:16-17
6
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:14
Եւ այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է։
Explore ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:14
7
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:1
Արդ եթէ Քրիստոսին հետ յարութիւն առիք, ուրեմն վերի բաները փնտռեցէք, ուր Քրիստոս կը նստի Աստուծոյ աջ կողմը։
Explore ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:1
8
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:15
Ու Աստուծոյ խաղաղութիւնը ձեր սրտերուն մէջ թագաւորէ, որուն դուք կանչուեցաք մէկ մարմնով ու գոհացէք։
Explore ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:15
9
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:5
Ուստի ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է.
Explore ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:5
10
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:3
Վասն զի դուք մեռաք ու ձեր կեանքը պահուած է Աստուծոյ քով Քրիստոսին հետ։
Explore ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:3
11
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:8
Բայց հիմա մէկդի՛ ձգեցէք դուք ալ այն ամէնը՝ բարկութիւնը, սրտմտութիւնը, չարութիւնը հայհոյութիւնը, անհամեստ խօսքերը ձեր բերաններէն։
Explore ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:8
12
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:9-10
Իրարու սուտ մի՛ խօսիք. հին մարդը իր գործերովը ձեր վրայէն հանեցէ՛ք Եւ հագէ՛ք այն նորը գիտութիւնով նորոգուած՝ իր Ստեղծողին պատկերին պէս
Explore ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:9-10
13
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:19
Այրե՛ր, սիրեցէք ձեր կիները ու դառն մի՛ ըլլաք անոնց։
Explore ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:19
14
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:20
Ո՛րդիներ, ամէն բանի մէջ հնազանդ եղէք ձեր ծնողներուն, վասն զի այն է Տէրոջը առջեւ հաճելի։
Explore ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:20
15
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:18
Կի՛ներ, հնազանդ եղէք ձեր այրերուն, ինչպէս կը վայլէ Տէրոջմով։
Explore ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:18
YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy
Home
Bible
Plans
Videos