Biểu tượng Ứng dụng Kinh Thánh
Biểu tượng Tìm kiếm

ՈՎՍԵԱՅ 6

6
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿԵՂԾ ԶՂՋՈՒՄԸ
1«Եկէ՛ք, Տէրոջը դառնանք,
Քանզի անիկա զարկաւ ու անիկա մեզ պիտի բժշկէ։
Անիկա վիրաւորեց ու անիկա պիտի կապէ,
2Երկու օրէն մեզ պիտի կենդանացնէ,
Երրորդ օրը մեզ պիտի կանգնեցնէ
Ու անոր առջեւ պիտի ապրինք։
3Տէրը պիտի ճանչնանք ու զանիկա ճանչնալու ետեւէ պիտի ըլլանք.
Անոր ելքը արշալոյսի պէս պատրաստուած է
Ու անիկա մեզի պիտի գայ անձրեւի պէս,
Երկիրը ոռոգող վերջին անձրեւին պէս։
4Քեզի ի՞նչ ընեմ, ո՛վ Եփրեմ,
Քեզի ի՞նչ ընեմ, ո՛վ Յուդա,
Վասն զի ձեր բարութիւնը առաւօտեան ամպին պէս
Ու շուտով ցնդող ցօղի պէս է։
5Ասոր համար մարգարէներուն ձեռքով զանոնք #6:5 Եբր., տաշեցիկոտրեցի,
Բերնիս խօսքերովը զանոնք մեռցուցի,
Որպէս զի իմ դատաստաններս լոյսի պէս ելլեն։
6Քանզի ես ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ոչ թէ՝ զոհ
Ու ողջակէզներէն աւելի՝ Աստուծոյ գիտութիւնը։
7Իսկ անոնք #6:7 Կամ, մարդուԱդամի պէս ուխտազանց եղան
Ու ինծի անհաւատարմութիւն ըրին։
8Գաղաադ անօրէններու քաղաք է,
Արեան հետքերով լեցուն է։
9Ինչպէս աւազակներու գունդերը
Մարդու համար դարանամուտ կ’ըլլան,
Այնպէս ալ քահանաներուն խումբը
Սիւքէմի ճամբուն մէջ սպաննութիւն
Եւ եղեռնագործութիւն կ’ընեն։
10Իսրայէլի տանը մէջ սոսկալի բաներ տեսայ,
Եփրեմին պոռնկութիւնները հոն են,
Իսրայէլ պղծուեցաւ։
11Քեզի ալ հունձք մը պատրաստուած է, ո՛վ Յուդա,
Երբ իմ ժողովուրդս գերութենէ դարձնեմ։

Tô màu

Sao chép

So sánh

Chia sẻ

None

Bạn muốn lưu những tô màu trên tất cả các thiết bị của mình? Đăng ký hoặc đăng nhập