Biểu tượng Ứng dụng Kinh Thánh
Biểu tượng Tìm kiếm

ՈՎՍԵԱՅ 3

3
ՈՎՍԷԷ ԵՒ ԱՆՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԿԻՆԸ
1Անկէ ետքը Տէրը ինծի ըսաւ. «Նորէն գնա՛, իր բարեկամէն սիրուած շնացող կին մը սիրէ, ինչպէս Տէրը Իսրայէլի որդիները կը սիրէ, թէեւ անոնք օտար աստուածներու կը դառնան ու չամչեղէն կարկանդակներ կը սիրեն»։ 2Ուստի զանիկա տասնըհինգ սիկղ արծաթով ու մէկ ու կէս քոռ գարիով ինծի առի 3Եւ անոր ըսէ՛. «Ինծի համար շատ օրեր կեցիր, շնութիւն մի՛ ըներ եւ ուրիշ մարդու մը մի՛ մօտենար։ Ես ալ քեզի համար այնպէս պիտի ըլլամ»։
4Քանզի Իսրայէլի որդիները շատ օրեր առանց թագաւորի, առանց իշխանի, առանց զոհի, առանց կուռքի, առանց եփուտի ու թերափիմի պիտի նստին։ 5Ետքը Իսրայէլի որդիները պիտի դառնան ու իրենց Տէր Աստուածը եւ իրենց Դաւիթ թագաւորը պիտի փնտռեն ու վերջին օրերը Տէրոջը ու անոր բարկութեանը պիտի գան։

Tô màu

Sao chép

So sánh

Chia sẻ

None

Bạn muốn lưu những tô màu trên tất cả các thiết bị của mình? Đăng ký hoặc đăng nhập