1
ՄԱՏԹԷՈՍ 9:37-38
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Այն ատեն ըսաւ իր աշակերտներուն. «Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ, Ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին»։
So sánh
Khám phá ՄԱՏԹԷՈՍ 9:37-38
2
ՄԱՏԹԷՈՍ 9:13
Գացէ՛ք, սորվեցէք թէ ի՛նչ է այս խօսքը. ‘Ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ’. վասն զի ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա մեղաւորները ապաշխարութեան»։
Khám phá ՄԱՏԹԷՈՍ 9:13
3
ՄԱՏԹԷՈՍ 9:36
Ժողովուրդները տեսնելով, անոնց վրայ խղճաց, վասն զի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս։
Khám phá ՄԱՏԹԷՈՍ 9:36
4
ՄԱՏԹԷՈՍ 9:12
Յիսուս՝ երբ լսեց՝ ըսաւ անոնց. «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա հիւանդներուն։
Khám phá ՄԱՏԹԷՈՍ 9:12
5
ՄԱՏԹԷՈՍ 9:35
Յիսուս կը պտըտէր բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց ժողովարաններուն մէջ կը սորվեցնէր ու կը քարոզէր արքայութեան աւետարանը եւ կը բժշկէր բոլոր ախտերն ու բոլոր հիւանդութիւնները ժողովուրդին մէջ։
Khám phá ՄԱՏԹԷՈՍ 9:35