1
ՂՈԻԿԱՍ 13:24
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Անիկա ալ ըսաւ անոնց. «Ջանք ըրէք որ նեղ դռնէն մտնէք, քանզի կ’ըսեմ ձեզի, թէ շատեր մտնել պիտի ուզեն եւ պիտի չկրնան։
So sánh
Khám phá ՂՈԻԿԱՍ 13:24
2
ՂՈԻԿԱՍ 13:11-12
Հոն կին մը կար, որ հիւանդութեան ոգի մը ունէր տասնըութ տարիէ ի վեր ու կծկտած էր եւ ամենեւին չէր կրնար շիտակ կայնիլ։ Յիսուս զանիկա տեսնելով՝ իրեն կանչեց եւ ըսաւ անոր. «Ո՛վ կին, դուն քու հիւանդութենէդ արձակուած ես»։
Khám phá ՂՈԻԿԱՍ 13:11-12
3
ՂՈԻԿԱՍ 13:13
Ու ձեռքը անոր վրայ դրաւ եւ իսկոյն շտկուեցաւ ու փառք կու տար Աստուծոյ։
Khám phá ՂՈԻԿԱՍ 13:13
4
ՂՈԻԿԱՍ 13:30
Եւ պիտի գտնուին յետիններ՝ որոնք առաջիներ պիտի ըլլան ու առաջիններ՝ որոնք յետիններ պիտի ըլլան»։
Khám phá ՂՈԻԿԱՍ 13:30
5
ՂՈԻԿԱՍ 13:25
Անկէ յետոյ երբ տանտէրը ելլէ ու դուռը գոցէ եւ դուք դուրսը մնաք ու սկսիք դուռը զարնել եւ ըսել. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, բաց մեզի’։ Ան ալ պատասխան տալով՝ պիտի ըսէ ձեզի. ‘Ձեզ չեմ ճանչնար, ուրկէ՞ էք’։
Khám phá ՂՈԻԿԱՍ 13:25
6
ՂՈԻԿԱՍ 13:5
Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ոչ’. հապա եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք»։
Khám phá ՂՈԻԿԱՍ 13:5
7
ՂՈԻԿԱՍ 13:27
Բայց անիկա պիտի ըսէ. ‘Ձեզի կ’ըսեմ, Ձեզ չեմ ճանչնար, ուրկէ՞ էք. մէկդի կեցէք ինծմէ, բոլոր անիրաւութիւն գործողներդ’։
Khám phá ՂՈԻԿԱՍ 13:27
8
ՂՈԻԿԱՍ 13:18-19
Յիսուս ըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ի՞նչ բանի կը նմանի, կամ ի՞նչ բանի նմանցնեմ անիկա։ Մանանեխի հատի նման է, որ մարդ մը առաւ իր պարտէզը ձգեց եւ աճեցաւ ու մեծ ծառ մը եղաւ ու երկնքի թռչունները անոր ճիւղերուն վրայ բնակեցան»։
Khám phá ՂՈԻԿԱՍ 13:18-19