ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 25

25
ՊՕՂՈՍ ԿԱՅՍՐԻՆ ԿԸ ԴԻՄԷ
1Երբ Փեստոս իր իշխանութեան գաւառը հասաւ, երեք օր յետոյ Կեսարիայէն Երուսաղէմ ելաւ։ 2Քահանայապետն ու Հրէից գլխաւորները անոր իմացուցին իրենց ամբաստանութիւնը Պօղոսին դէմ 3Եւ կ’աղաչէին իրեն եւ շնորհք կը խնդրէին, որպէս զի զանիկա Երուսաղէմ բերել տայ։ Բայց իրենք դարան կը պատրաստէին ճամբուն մէջ զանիկա սպաննելու։ 4Սակայն Փեստոս հրահանգեց, որ Պօղոս Կեսարիա պահուի եւ ինք շատ չանցած հոն պիտի երթայ։ 5«Ուստի ձեզմէ որոնք որ կարող են, ըսաւ, ինծի հետ թող իջնեն, եթէ այն մարդուն վրայ յանցանք մը կայ, թող անոր դէմ ամբաստանութիւն ընեն»։ 6Հոն #25:6 Ոմանք, տասը օրէ աւելի կենալովութ կամ տասը օրէ աւելի չկենալով՝ ՝, Կեսարիա իջաւ ու հետեւեալ օրը ատեանը նստելով՝ հրաման ըրաւ որ Պօղոսը բերեն։ 7Երբ անիկա եկաւ, Երուսաղէմէն Հրեաները անոր բոլորտիքը կայնելով, շատ ծանր ամբաստանութիւններ կ’ընէին Պօղոսին դէմ, բայց չէին կրնար ապացուցանել. 8Վասն զի Պօղոս կը պնդէր թէ՝ «Ես ո՛չ Հրեաներուն օրէնքին, ո՛չ տաճարին, ո՛չ ալ Կայսրին դէմ յանցանք մը գործած եմ»։ 9Բայց Փեստոս ուզելով որ Հրեաներուն շնորհք ընէ, Պօղոսին ըսաւ. «Կ’ուզե՞ս Երուսաղէմ ելլել եւ հոն դատուիլ»։ 10Պօղոս ալ ըսաւ. «Կայսրին ատեանը կայներ եմ, ուր պէտք է դատուիմ։ Ես Հրեաներուն անիրաւութիւն մը ըրած չեմ, ինչպէս դուն ալ աղէկ գիտես։ 11Քանզի եթէ անիրաւութիւն մը եւ մահուան արժանի բան մը ըրած եմ, ես մեռնելէ չեմ քաշուիր. բայց եթէ չկայ իմ վրաս այն բաներէն մէկն ալ՝ որոնց համար ասոնք ինծի դէմ ամբաստանութիւն կ’ընեն, մէ՛կը չի կրնար զիս ատոնց շնորհել, Կայսրին կը բողոքեմ»։ 12Այն ատեն Փեստոս խորհրդականներուն հետ խօսելով՝ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Քանի որ Կայսրին բողոքեցիր, Կայսրին պիտի երթաս»։
ՊՕՂՈՍ ԱԳՐԻՊՊԱՍԻՆ ԵՒ ԲԵՐԻՆԻԿԷԻՆ ԱՌՋԵՒ
13Քանի մը օր անցնելէն յետոյ, Ագրիպպաս թագաւորը եւ Բերինիկէն Կեսարիա եկան Փեստոսը ողջունելու։ 14Շատ օրեր հոն անցուցին։ Փեստոս Պօղոսին համար թագաւորին իմացուց ու ըսաւ. «Հոս մարդ մը կայ որ Փելիքս բանտարկուած թողուցեր է, 15Որուն վրայով, երբ Երուսաղէմ գացի, քահանայապետներն ու Հրեաներուն ծերերը իմացուցին ինծի եւ խնդրեցին, որ անոր դէմ դատապարտութեան վճիռ տրուի, 16Որոնց պատասխան տուի թէ՝ Հռովմայեցիներու սովորութիւնը չէ մարդ մը կորստեան մատնել, մինչեւ ամբաստանուածն ու ամբաստանողները առջեւը չունենայ եւ ամբաստանեալին պատասխան տալու պատեհութիւն չտրուի։ 17Ուստի երբ անոնք ինծի հետ հոս եկան, ամենեւին չուշացուցի, հապա հետեւեալ օրը ատեանը նստելով՝ հրաման ըրի որ մարդը բերեն։ 18Անոր դատախազներն ալ ներկայանալով, իմ կասկած ըրած յանցանքներէս մէ՛կն ալ յառաջ չբերին. 19Հապա մէկ քանի խնդիրներ ունէին անոր հետ իրենց կրօնքին վրայ եւ Յիսուս անունով մեռածի մը վրայ, որուն համար Պօղոս կ’ըսէր թէ կենդանի է։ 20Եւ երբ տարակուսանքի մէջ էի այս բանին քննութեան վրայով, հարցուցի. ‘Կուզե՞ս Երուսաղէմ երթալ եւ հոն այս բաներուն համար դատուիլ’։ 21Բայց Պօղոս երբ բողոքեց ու պահանջեց որ Վեհափառ Կայսրին #25:21 Յուն., քննութեանըդէմ ելլէ, հրաման ըրի որ զինք պահեն՝ մինչեւ Կայսրին ղրկեմ»։ 22Ագրիպպաս ըսաւ Փեստոսին. «Ես ալ կ’ուզէի այդ մարդը մտիկ ընել»։ Ան ալ ըսաւ. «Վաղը մտիկ կ’ընես»։
23Հետեւեալ օրը երբ Ագրիպպաս ու Բերինիկէ մեծ հանդէսով եկան ու ատեանը մտան հազարապետներով եւ քաղաքին պատուաւոր մարդոց հետ, Փեստոս ալ հրաման ընելով՝ բերին Պօղոսը։ 24Այն ատեն Փեստոս ըսաւ. «Ագրիպպա՛ս արքայ եւ դուք որ մեզի հետ էք, ասիկա կը տեսնէք. ասոր վրայով Հրեաներուն բոլոր բազմութիւնը ինծի ներկայացան Երուսաղէմի մէջ եւ հոս ալ ու կ’աղաղակէին թէ՝ ‘Պէտք չէ որ ա՛լ ատիկա ողջ մնայ’։ 25Բայց ես քննեցի եւ հասկցայ թէ անիկա մեռնելու արժանի բան մը ըրած չէ, ինքն ալ Վեհափառ Կայսրին բողոքեց, որոշեցի որ ղրկեմ զանիկա։ 26Անոր համար հաստատ բան մը չունիմ գրելու իմ տիրոջս. ուստի ատիկա ձեր առջեւ բերի եւ մանաւանդ քու առջեւդ, ո՛վ Ագրիպպաս արքայ, որպէս զի քննութիւն ընելէ յետոյ գրելիք մը ունենամ. 27Վասն զի ինծի անվայել կ’երեւնայ որ բանտարկեալ մը ղրկեմ եւ անոր վրայ դրուած յանցանքները չիմացնեմ»։

Արդեն Ընտրված.

ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 25: WARMB

Ընդգծել

Կիսվել

Համեմատել

Պատճենել

None

Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք