ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 26
26
ՊՕՂՈՍԻՆ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱԳՐԻՊՊԱՍԻՆ ԱՌՋԵՒ
1Եւ Ագրիպպաս ըսաւ Պօղոսին. «Հրաման է քեզի որ դուն քեզի համար խօսիս»։ Այն ատեն Պօղոս ձեռքը երկնցնելով՝ իրեն համար պատասխան տուաւ. 2«Հրեաներուն իմ վրաս ըրած բոլոր ամբաստանութիւններուն համար, ո՛վ Ագրիպպաս արքայ, ես զիս երանելի կը սեպեմ, որ այսօր քու առջեւդ պատասխան պիտի տամ. 3Մանաւանդ որ դուն Հրեաներուն բոլոր սովորութիւնները եւ խնդիրները աղէկ գիտես, անոր համար կ’աղաչեմ որ երկայնամտութեամբ ինծի մտիկ ընես։ 4Արդ՝ իմ մանկութենէս ի վեր իմ ի՛նչպէս ապրիլս, սկիզբէն Երուսաղէմ իմ ազգիս մէջ ըլլալով, բոլոր Հրեաները տեղեակ են։ 5Քանզի շատ կանուխէն զիս կը ճանչնան, (եթէ ուզեն վկայել,) թէ մեր կրօնքին ամենէն խիստ օրէնքին համաձայն՝ Փարիսեցի ապրեր եմ. 6Եւ հիմա ատեանը կեցեր կը դատուիմ Աստուծմէ մեր հայրերուն եղած խոստումին յոյսին համար. 7Որուն՝ մեր տասներկու ցեղը անդադար գիշեր ու ցորեկ պաշտելով՝ կը յուսան հասնիլ. ես այդ յոյսին համար Հրեաներէն կ’ամբաստանուիմ, ո՛վ Ագրիպպաս արքայ։ 8Ի՞նչ. չհաւատալո՞ւ բան կ’երեւնայ ձեզի թէ Աստուած մեռելները կը յարուցանէ։ 9Ես ինքս ալ ինծի պարտք կը սեպէի Յիսուս Նազովրեցիի անուան դէմ շատ բաներ ընել. 10Եւ ըրի ալ Երուսաղէմի մէջ եւ քահանայապետներէն իշխանութիւն առած՝ սուրբերէն շատերը բանտարկեցի ու անոնց սպաննուած ատենը հաւանութիւն տուի։ 11Եւ բոլոր ժողովարաններուն մէջ շատ անգամ զանոնք պատժելով՝ կը բռնադատէի որ հայհոյեն եւ անոնց դէմ սաստիկ կատղած՝ մինչեւ օտար քաղաքները կը հալածէի»։
ՊՕՂՈՍ ԻՐ ԴԱՐՁԸ ԿԸ ՊԱՏՄԷ
(Գործ. 9:1-19, 22:6-16)
12«Այսպէս երբ Դամասկոս ալ կ’երթայի, քահանայապետներէն իշխանութիւն ու հրաման առած, 13Կէսօրուան ատենը ճամբուն վրայ, ո՛վ արքայ, երկնքէն լոյս մը տեսայ արեւին լուսաւորութենէն աւելի՝ բոլորտիքս ծագած, նաեւ անոնց բոլորտիքը որոնք ինծի հետ կ’երթային։ 14Ու երբ մենք ամէնքս գետինը ինկանք, ձայն մը լսեցի, որ Եբրայական լեզուով ինծի կ’ըսէր. ‘Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես. դժուար բան է քեզի՝ խթանի դէմ կից զարնել’։ 15Ես ալ ըսի. ‘Դուն ո՞վ ես, Տէ՛ր’։ Անիկա ըսաւ. ‘Ես եմ Յիսուսը, որ դուն կը հալածես. 16Բայց ելի՛ր ու ոտքի՛ կայնէ. վասն զի անոր համար քեզի երեւցայ, որ քեզ ձեռք առնեմ պաշտօնեայ եւ վկայ ընելու այն բաներուն՝ որոնք տեսար ու այն բաներուն որոնցմով պիտի երեւնամ քեզի, 17Քեզ ազատելով այդ ժողովուրդէն ու հեթանոսներէն, որոնց հիմա քեզ կը ղրկեմ, 18Անոնց աչքերը բանալու, խաւարէն լոյսի ու Սատանային իշխանութենէն Աստուծոյ դարձնելու, որպէս զի անոնք մեղքերու թողութիւն գտնեն եւ սուրբերուն հետ մասնակից ըլլան ինծի հաւատալով’»։
ՊՕՂՈՍ ԿԱՏԱՐԱԾ ԳՈՐԾԸ ԿԸ ՊԱՏՄԷ
19«Ուստի, Ագրիպպա՛ս արքայ, այն երկնային տեսիլքին անհնազանդ չեղայ ես. 20Հապա առաջ Դամասկոս ու Երուսաղէմ եղողներուն եւ բոլոր Հրէաստանի երկիրը ու հեթանոսներուն քարոզեցի, որ ապաշխարեն ու Աստուծոյ դառնան եւ ապաշխարութեան արժանաւոր գործեր գործեն։ 21Այս պատճառաւ Հրեաները զիս տաճարին մէջ բռնեցին եւ կը ջանային սպաննել։ 22Սակայն Աստուծմէ օգնութիւն հասնելով մինչեւ օրս ողջ մնացի՝ պզտիկի ու մեծի վկայութիւն տալով, բան մը չպատմելով այն բաներէն դուրս, որոնք մարգարէները եւ Մովսէս ըսին թէ պիտի ըլլան. 23‘Թէ՝ Քրիստոս պիտի չարչարուի եւ թէ՝ անիկա ամենէն առաջ մեռելներէն յարութիւն առած՝ լոյս պիտի քարոզէ ժողովուրդին եւ հեթանոսներուն’»։
24Քանի որ անիկա այսպէս պատասխան կու տար իրեն համար, Փեստոս բարձր ձայնով մը ըսաւ. «Կը խելագարի՛ս, Պօ՛ղոս, շատ կարդացած ըլլալդ քեզ կը յիմարացնէ»։ 25Պօղոս ալ ըսաւ. «Ես չեմ խելագարիր, ո՛վ պատուական Փեստոս, հապա ճշմարտութեան եւ զգաստութեան խօսքեր կը խօսիմ։ 26Քանզի այս բաները թագաւորը գիտէ, որուն համար ես ալ համարձակ կը խօսիմ. քանզի չեմ կարծեր թէ ասոնցմէ բան մը անկէ ծածկուած է, վասն զի այս բանը անկիւնի մը մէջ եղած չէ։ 27Մարգարէներուն կը հաւատա՞ս, Ագրիպպա՛ս արքայ։ Գիտե՛մ թէ կը հաւատաս»։ 28Ագրիպպաս ըսաւ Պօղոսին. «Քիչ մնաց որ զիս համոզես Քրիստոնեայ ըլլալու»։ 29Պօղոս ալ ըսաւ. «Աստուծմէ կը խնդրէի, որ թէ՛ քիչով եւ թէ՛ շատով, ո՛չ միայն դուն, հապա ամէնքն ալ, որոնք այսօր ինծի կը լսեն, այնպէս ըլլան՝ ինչպէս ես եմ, այս կապերէն զատ»։
30 # 26:30 Ոմանք, Եւ երբ այս բաները ըսաւ, ոտքի Ոտքի ելան թագաւորն ու կուսակալը եւ Բերինիկէն ու անոնք որ իրենց հետ նստեր էին։ 31Ու դուրս ելլելէ յետոյ, իրարու հետ խօսեցան ու ըսին. «Այս մարդը մեռնելու կամ կապուելու արժանի բան մը չըներ»։ 32Ագրիպպաս ալ Փեստոսին ըսաւ. «Կարելի էր այս մարդը արձակել, եթէ Կայսրին բողոքած չըլլար»։
Արդեն Ընտրված.
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 26: WARMB
Ընդգծել
Կիսվել
Համեմատել
Պատճենել
Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.