ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 24
24
ՊՕՂՈՍԸ ՀՐԵԱՆԵՐԷՆ Կ’ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԻ
1Հինգ օր ետքը Անանիա քահանայապետը ծերերուն ու Տերտիւղոս անուն ճարտասանի մը հետ իջաւ։ Ասոնք կուսակալին իմացուցին իրենց ամբաստանութիւնը Պօղոսին դէմ։ 2Երբ կանչեցին զանիկա, Տերտիւղոս սկսաւ ամբաստանել ու ըսել. «Որովհետեւ քու ձեռքովդ լման խաղաղութիւն ու քու խնամքովդ այս ազգին գործերուն մէջ աղէկ կարգադրութիւն կը վայելենք, 3Ամէն կերպով ու ամէն տեղ բոլորովին գոհ ըլլալով, շնորհակալ ենք, ո՛վ պատուական Փելիքս։ 4Բայց չըլլայ որ ա՛լ աւելի ձանձրութիւն տամ քեզի, կ’աղաչեմ քու քաղցրութիւնովդ մեզի ականջ դիր, որ համառօտաբար պիտի խօսինք։ 5Վասն զի մենք այս մարդը գտանք ապականիչ եւ խռովարար բոլոր Հրեաներուն, որոնք աշխարհի մէջ են եւ Նազովրեցիներու աղանդին առաջնորդ. 6Որ տաճարն ալ ուզեց պղծել. որ բռնեցինք ու մեր օրէնքին համեմատ ուզեցինք դատաստանը ընել. 7Բայց Լիւսիաս հազարապետը եկաւ բռնութեամբ մեր ձեռքէն առաւ 8Եւ հրաման ըրաւ որ անոր դատախազները քեզի գան, որ դուն քննելով՝ կարենաս տեղեկանալ այն ամէն բաներուն, որոնց համար մենք ամբաստանութիւն կ’ընենք ատոր վրայ»։ 9Հրեաներն ալ բոլորը միասին՝ ըսին. «Այդպէ՛ս է»։
ՊՕՂՈՍԻՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՂԱԿԱՆԸ ՓԵԼԻՔՍԻՆ ԱՌՋԵՒ
10Պատասխան տուաւ Պօղոս, (երբ կուսակալը անոր աչք ըրաւ որ խօսի,). «Գիտնալով որ շատ տարիներէ ի վեր դուն այս ազգին դատաւորն ես, աւելի յօժարութեամբ ինծի վերաբերեալ բաներուն համար պատասխան պիտի տամ. 11Որովհետեւ կրնաս գիտնալ թէ ես տասներկու օրէ աւելի չէ՝ որ Երուսաղէմ եկայ երկրպագութիւն ընելու։ 12Զիս տաճարին մէջ մէկուն հետ վիճաբանութիւն ընելու վրայ, կամ բազմութիւնը մէկտեղ ժողված չգտան, ո՛չ ալ ժողովարաններուն մէջ, 13Ո՛չ քաղաքին մէջ. ո՛չ ալ կրնան ապացուցանել այն բաները, որոնց համար հիմա ամբաստանութիւն կ’ընեն ինծի դէմ։ 14Բայց ասիկա կը խոստովանիմ քեզի՝ թէ այն ճամբուն համեմատ որ ասոնք հերձուած կ’ընդունին, ես այնպէս կը պաշտեմ իմ հայրենի Աստուածս, հաւատալով այն ամէն բաներուն, որոնք օրէնքին եւ մարգարէներուն մէջ գրուած են։ 15Յոյս ունիմ առ Աստուած, ինչպէս ասոնք ալ ակնկալութիւն ունին, թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն։ 16Եւ ես այս բանին համար կը ջանամ, որ ամէն ատեն մաքուր խղճմտանք ունենամ Աստուծոյ առջեւ ու մարդոց առջեւ։ 17Արդ՝ ես շատ տարիներէ յետոյ եկայ իմ ազգիս ողորմութիւններ բերելու ու ընծաներ տալու. 18Այսպէս քանի մը Ասիացի Հրեաներ զիս տաճարին մէջ մաքրուած գտան, ո՛չ բազմութիւնով եւ ո՛չ ամբոխով, 19Որոնք պէտք էր որ առջեւդ գային ու ամբաստանութիւն ընէին, եթէ իմ վրայովս ըսելու բան մը ունէին։ 20Կամ թէ ասոնք իրենք թող ըսեն, ի՞նչ անիրաւութիւն գտան իմ վրաս, երբ ատեանը կայներ էի։ 21Միայն թէ այս մէկ խօսքիս համար, որ երբ իրենց մէջ կայներ էի, կանչեցի. «Մեռելներու յարութեանը համար ես այսօր ձեզմէ կը դատուիմ»։ 22Փելիքս #24:22 Ոմանք, այս բաները լսելով՝ ուրիշուրիշ անգամուան թողուց հարցը, վասն զի ստոյգ տեղեկութիւն ունէր անոր մասին ու ըսաւ. «Երբ Լիւսիաս հազարապետը հոս գայ, պիտի քննեմ ձեր գործը»։ 23Եւ հարիւրապետին հրաման ըրաւ որ Պօղոսը պահէ, բայց լայն ազատութիւն տայ ու չարգիլէ եթէ իրեններէն մէկը ուզէ անոր սպասաւորութիւն ընել կամ անոր քով երթալ։
ՊՕՂՈՍ ՓԵԼԻՔՍԻՆ ԱՌՋԵՒ
24Քանի մը օր յետոյ Փելիքս եկաւ իր Դրուսիղա կնոջ հետ, որ Հրեայ էր ու Պօղոսը կանչել տուաւ եւ լսեց անկէ այն հաւատքին մասին որ Քրիստոս Յիսուսին վրայ է։ 25Երբ անիկա արդարութեան ու ժուժկալութեան եւ գալու դատաստանին վրայով կը խօսէր, Փելիքս զարհուրելով պատասխան տուաւ. «Դուն հիմա գնա ու երբ ժամանակ ունենամ, քեզ նորէն կը կանչեմ»։ 26Նաեւ յոյս ունէր, որ Պօղոսին կողմէն իրեն ստակ #24:26 Ոմանք, տրուի, որպէս զի զանիկա արձակէտրուի, անոր համար շատ անգամ կանչել կու տար զանիկա ու անոր հետ կը խօսակցէր։ 27Բայց երբ երկու տարի անցաւ, Փելիքսի տեղ Պորկիոս Փեստոս եկաւ։ Փելիքս ալ Հրեաներուն շնորհք ընել ուզելով՝ Պօղոսը կապուած թողուց։
Արդեն Ընտրված.
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 24: WARMB
Ընդգծել
Կիսվել
Համեմատել
Պատճենել
Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.