1
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 2:17
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
WANTACoC
Յիսուս երբ լսեց ասիկա, անոնց ըսաւ. – Առողջները չե՛ն որ բժիշկի պէտք ունին, այլ հիւանդները։ Չեկա՛յ արդարները կանչելու, այլ՝ մեղաւորները։
مقایسه
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 2:17 را جستجو کنید
2
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 2:5
Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով, ըսաւ անդամալոյծին. – Որդեա՜կ, մեղքերդ ներուա՛ծ ըլլան քեզի։
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 2:5 را جستجو کنید
3
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 2:27
Ապա աւելցուց. – Շաբաթ օրը մարդուն համար եղաւ եւ ո՛չ թէ մարդը՝ Շաբաթ օրուան։
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 2:27 را جستجو کنید
4
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 2:4
Երբ բազմութեան պատճառով չկրցան զայն Յիսուսի մօտ բերել, քակեցին տունին տանիքը եւ առաստաղը բանալով՝ անդամալոյծը մահիճով վար իջեցուցին։
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 2:4 را جستجو کنید
5
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 2:10-11
Բայց պէտք է գիտնաք, թէ Մարդու Որդին երկրի վրայ իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու։ Ու դառնալով անդամալոյծին, ըսաւ. – Քեզի կ՚ըսեմ, ե՛լ, ա՛ռ մահիճդ եւ տունդ գնա։
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 2:10-11 را جستجو کنید
6
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 2:9
Ո՞ր մէկը դիւրին է. անդամալոյծին՝ «Մեղքերդ ներուած են քեզի» ըսե՞լը, թէ՝ «Ել՛, մահիճդ առ եւ տո՛ւնդ գնա» ըսելը։
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 2:9 را جستجو کنید
7
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 2:12
Անդամալոյծը անմիջապէս բոլորին դիմաց ոտքի ելաւ, վերցուց իր մահիճը եւ դուրս ելաւ։ Բոլորն ալ զարմացան. կը փառաւորէին զԱստուած եւ կ՚ըսէին. – Այսպիսի բան բնաւ տեսած չէինք։
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 2:12 را جستجو کنید