ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 4
4
Հաւատքով արդարանալու օրինակը՝ Աբրահամ
1Արդ, ի՞նչ ըսենք Աբրահամի, մեր ազգին նախահօրմասին. ի՞նչպէս արդարացաւ։ 2Եթէ Աբրահամ իր գործերով արդարացած ըլլար՝ կրնար պարծենալ. բայց ո՛չ Աստուծոյ քով։
3Ի՞նչ կ՚ըսէ Ծննդոց գիրքը. «Աբրահամ հաւատաց Աստուծոյ, եւ այդ հաւատքին համար ալ Աստուած զինք արդար համարեց»։ 4Չէ՞ որ ոեւէ գործ կատարած մարդու համար իր վարձատրութիւնը շնորհք չի համարուիր, այլ՝ իրաւունք. 5իսկ անոր՝ որ ոեւէ գործ կատարած չէ եւ սակայն կը հաւատայ Աստուծոյ՝ որ մեղաւորը կ՚արդարացնէ, անոր պարագային հաւատալը արդարութիւն կը համարուի։ 6Դաւիթ ինք ալ երանի կու տայ այն մարդուն, զոր Աստուած արդար կը համարէ առանց գործերու.–
7 «Երանի՜ անոնց՝ որոնք
իրենց յանցանքներուն թողութիւն ստացան,
որոնց մեղքերը Տէրը ներեց։
8 Երանի՜ այն մարդուն,
որուն մեղքը Տէրը նկատի չ՚առներ»։
9Արդ, Դաւիթի տուած այս երանութիւնը միայն թլփատուածներո՞ւն է. ո՛չ, այլ նաեւ անոնց՝ որոնք թլփատուած չեն։ Որովհետեւ յիշեցինք, թէ «Աբրահամ հաւատաց, եւ Աստուած զինք արդար համարեց»։ 10Ե՞րբ տեղի ունեցաւ ասիկա. թլփատութիւնը ընդունելէ՞ն ետք, թէ երբ տակաւին անթլփատ վիճակի մէջ։ Յստակ է որ թլփատութենէն ետք չէր, այլ անթլփատ վիճակի մէջ։ 11Եւ թլփատութիւնը Աստուծմէ ստացաւ որպէս նշան եւ կնիք՝ անթլփատ վիճակի մէջ իր ցուցաբերած հաւատքով արդարացած ըլլալուն, որպէսզի ատով հայրը ըլլայ բոլոր անոնց՝ որոնք առանց թլփատուած ըլլալու կը հաւատան, որպէսզի անոնք եւս արդար համարուին, 12եւ նաեւ ըլլայ հայրը անոնց՝ որոնք թլփատուած են. բայց ո՛չ թէ պարզապէս թլփատուած ըլլալնուն համար, այլ անոնց՝ որոնք կ՚ընթանան նոյն հաւատքին հետքերով, որ մեր հայրը Աբրահամ ցուցաբերեց անթլփատ վիճակի մէջ։
Աստուած իր խոստումը կու տայ հաւատացողին
13Արդ, Աբրահամի եւ անոր սերունդին եղած խոստումը՝ թէ աշխարհը պիտի ժառանգեն՝ Օրէնքին միջոցաւ չէր որ տրուեցաւ, այլ հաւատքին՝ որով արդար սեպուեցաւ։ 14Որովհետեւ եթէ Օրէնքին հետեւորդներն են խոստումին ժառանգորդները, ապա ուրեմն զուր է հաւատքը եւ անօգուտ է խոստումը։ 15Որովհետեւ Օրէնքը միայն Աստուծոյ բարկութիւնը կը շարժէ՝ զայն չգործադրողին դէմ. իսկ ուր որ օրէնք չկայ՝ օրինազանցութիւն ալ չկայ։ 16Այս պատճառով ալ, մարդ իր հաւատքով է որ Աստուծոյ ժառանգորդ կը դառնայ, որպէսզի ատիկա շնորհքի արդիւնք ըլլայ եւ խոստումը ի զօրու ըլլայ Աբրահամի ամբողջ սերունդին, այսինքն՝ ո՛չ միայն անոնց՝ որոնք Օրէնքին միջոցաւ եկած են Աստուծոյ, այլ նաեւ անոնց՝ որոնք հաւատքի ճամբով կու գան, Աբրահամի պէս՝ որ մեր բոլորին հայրն է. 17ինչպէս գրուած ալ է. «Բազմաթիւ ազգերու հայր ըրի քեզ», քանի որ Աբրահամ հաւատաց Աստուծոյ՝ որ կը կենդանացնէ մեռեալները եւ գոյութիւն ունեցողի պէս կը կանչէ անոնք՝ որ տակաւին գոյութիւն չունին։ 18Արդարեւ, հակառակ ոեւէ յոյս չըլլալուն՝ Աբրահամ յուսաց եւ հաւատաց թէ «բազմաթիւ ազգերու հայր» պիտի ըլլայ, ինչպէս որ Աստուած իրեն ըսած էր. «Այսպէս պիտի բազմացնեմ քու սերունդդ»։ 19Եւ Աբրահամ իր հաւատքին մէջ չտկարացաւ. հակառակ շուրջ հարիւր տարեկան ըլլալուն՝ չնայեցաւ իր մարմինին, որ արդէն մեռածի պէս էր, ո՛չ ալ նայեցաւ Սառայի արգանդին ամլութեան։ 20Բնաւ անհաւատութեամբ չտարակուսեցաւ Աստուծոյ խոստումին, այլ հաւատքով զօրացաւ եւ փառք տուաւ Աստուծոյ. 21այն հաստատ համոզումով՝ թէ Աստուած որ խոստացաւ՝ կրնայ նաեւ կատարել։ 22Ահա թէ ինչու՝ «Աստուած զինք արդար համարեց»։ 23Բայց միայն Աբրահամի համար չէր գրուածը, թէ «Աստուած զինք արդար համարեց», 24այլ նաեւ մեզի համար։ Աստուած մե՛զ եւս արդար պիտի համարէ մեր հաւատքին համար, որովհետեւ կը հաւատանք իրեն՝ որ մեռելներէն յարուցանեց Յիսուսը, մեր Տէրը, 25որ իր կեանքը տուաւ մեր յանցանքները ջնջելու համար, եւ յարութիւն առաւ՝ մեզ արդարացնելու համար։
Currently Selected:
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 4: WANTACoC
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019