Փա՜ռք տանք Աստուծոյ, որ կրնայ ձեզ ձեր հաւատքին մէջ հաստատուն պահել այն Աւետարանով՝ որ ձեզի բերի Յիսուս Քրիստոսը քարոզելով։ Այդ Աւետարանը յայտնութիւնն է Աստուծոյ փրկութեան ծրագիրին, որ անցեալ բոլոր ժամանակներուն մէջ ծածուկ մնացած էր։ Այժմ այդ խորհուրդը, մարգարէական գրութիւններով յայտնուած, մշտնջենաւոր Աստուծոյ հրամանով բոլոր ազգերուն ծանուցուեցաւ, որպէսզի ամէն ոք հաւատայ եւ հնազանդի Քրիստոսի։ Ուստի Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ յաւիտենական փա՜ռք Աստուծոյ, որ ի՛նք միայն իմաստուն է։ Ամէն։