YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ 8

8
1Երանի՜ թէ իմ մօրս ստինքը ծծած եղբօրս պէս ըլլայիր։
Երբ քեզ դուրսը գտնէի, պիտի համբուրէի
Եւ զիս պիտի չանարգէին։
2Քեզ առաջնորդելով իմ մօրս տունը կը տանէի,
Որպէս զի ինծի #8:2 Կամ, սորվեցնէրսորվեցնես։
Քեզի հոտաւէտ գինիէն, իմ նռնենիիս օշարակէն պիտի խմցնէի։
3Ձախ ձեռքը գլխուս տակ
Ու աջ ձեռքը զիս կը գրկէր։
ՄԱՐԴԸ
4Ով Երուսաղէմի աղջիկներ, ձեզ կ’երդմնցնեմ,
Որ իմ սիրուհիս չարթնցնէք ու չվերցնէք,
Մինչեւ որ ինք ուզէ։
ՎԵՑԵՐՈՐԴ ԵՐԳ
ԿԻՆԵՐԸ
5Ո՞վ է ասիկա, որ իր սիրականին կռթնած՝
Անապատէն կ’ելլէ։
ԿԻՆԸ
Քեզ խնձորենիին տակ արթնցուցի։
Քու մայրդ քեզ հոն ծնաւ,
Քու ծնողդ քեզ հոն ծնաւ։
6Զիս քու սրտիդ վրայ կնիքի պէս,
Քու բազուկիդ վրայ կնիքի պէս դիր.
Վասն զի սէրը՝ մահուան պէս զօրաւոր
Ու նախանձը գերեզմանի պէս խիստ է.
Անոր կայծերը սաստիկ բոցավառ կրակի կայծեր են։
7Շատ ջուրերը չեն կրնար սէրը մարել
Ու գետերը զանիկա չեն կրնար ընկղմել.
Եթէ մարդ մը սիրոյ փոխարէն
Իր տանը բոլոր ստացուածքը տայ,
Զանիկա բոլորովին կ’անարգեն։
ԿՆՈՋ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ
8Պզտիկ քոյր մը ունինք
Ու անիկա ստինք չունի։
Մեր քրոջը ի՞նչ ընենք
Անոր մասին խօսուած օրը։
9Եթէ անիկա պարիսպ է,
Վրան արծաթէ աշտարակ մը շինենք
Եւ եթէ դուռ է,
Զանիկա եղեւնափայտի տախտակներով պատենք։
ԿԻՆԸ
10Ես պարիսպ եմ
Ու իմ ստինքներս անոր աշտարակներն են.
Այս պատճառով անոր առջեւ կը նմանիմ անոր,
Որ խաղաղութիւն կը բերէ։
ՄԱՐԴԸ
11Սողոմոն Բաաղամոնի մէջ այգի ունէր։
Անիկա այգին պահապաններու տուաւ,
Ամէն մէկը անոր պտուղին համար հազար կտոր արծաթ կը բերէր։
12Իմ այգիս իմ առջեւս է.
Ո՛վ Սողոմոն, հազարը քուկդ ըլլայ
Ու երկու հարիւրը անոր պտուղը պահպանողներուն։
13Ո՛վ պարտէզներու մէջ նստող,
Ընկերները քու ձայնդ կը լսեն.
Ինծի ալ լսել տուր։
ԿԻՆԸ
14Շուտ ըրէ՛, ո՛վ իմ սիրականս
Ու խնկաբեր լեռներուն վրայ
Այծեամի կամ եղնիկներու ձագի նման եկո՛ւր։

Currently Selected:

ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ 8: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in