YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ 5

5
ՄԱՐԴԸ
1Իմ պարտէզս եկայ, ո՛վ հարս քոյրս,
Իմ զմուռսս խունկերուս հետ հաւաքեցի,
Իմ խորիսխս մեղրիս հետ կերայ,
Իմ գինիս կաթովս խմեցի։
ԿԻՆԵՐԸ
Կերէ՛ք, ո՛վ բարեկամներ,
Խմեցէ՛ք ու գինովցէ՛ք, ո՛վ սիրելիներ։
ՉՈՐՐՈՐԴ ԵՐԳ
ԿԻՆԸ
2Ես կը քնանամ, բայց իմ սիրտս արթուն է։
Ահա իմ սիրականիս ձայնն է, դուռը կը զարնէ ու կ’ըսէ.
ՄԱՐԴԸ
«Ո՛վ իմ քոյրս, իմ սիրուհիս,
Իմ աղաւնիս, իմ կատարեալս, բաց ինծի,
Քանզի իմ գլուխս ցօղով լեցուեցաւ
Ու վարսերս՝ գիշերուան շաղերով»։
ԿԻՆԸ
3Իմ պատմուճանս հաներ եմ,
Զանիկա ի՞նչպէս հագնիմ։
Ոտքերս լուացեր եմ,
Զանոնք ի՞նչպէս աղտոտեմ։
4Իմ սիրականս իր ձեռքը ծակէն երկնցուց
Ու անոր համար իմ աղիքս գալարուեցաւ։
5Ես ելայ, որ իմ սիրականիս բանամ դուռը
Ու ձեռքերէս զմուռս ու իմ մատերէս ընտիր զմուռս կաթեցին՝
Փականքը բռնելու տեղին վրայ։
6Ես իմ սիրականիս բացի,
Բայց իմ սիրականս քաշուեր գացեր էր։
Երբ անիկա կը խօսէր, իմ հոգիս նուաղեցաւ։
Զանիկա փնտռեցի, բայց չգտայ։
Զանիկա կանչեցի, բայց ինծի պատասխան չտուաւ։
7Քաղաքին մէջ պտըտող պահապանները զիս գտան,
Զարկին վիրաւորեցին զիս։
Պարսպին պահապնները քօղս վրայէս վերցուցին։
8Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ, ձեզ կ’երդմնցնեմ,
Եթէ իմ սիրականս գտնէք,
Անոր ըսէք, թէ ես իր սիրով կը նուաղիմ։
ԿԻՆԵՐԸ
9Ո՛վ կիներուն գեղեցիկը,
Քու սիրականդ ուրիշ սիրականէ ի՞նչ տարբերութիւն ունի.
Քու սիրականդ ուրիշ սիրականէ ի՞նչ տարբերութիւն ունի,
Որ մեզ այդպէս կ’երդմնցնես։
ԿԻՆԸ
10Իմ սիրականս սպիտակ ու կարմիր է,
Տասը հազարի մէջ երեւելի է։
11Անոր գլուխը զուտ ոսկի է,
Վարսերը ցրուած ու ագռաւի պէս սեւ են։
12Աչքերը՝ վազող ջուրերու քով
Կաթով լուացուած աղաւնիներու աչքերուն կը նմանին,
Գամուած գոհարներու պէս են։
13Անոր այտերը համեմներու ածուին
Եւ անուշահոտ ծաղիկներու թաղարներու պէս են.
Շրթունքները զմուռս կաթող շուշաններ են.
14Ձեռքերը ոսկի մատնիներ են՝
Թարսիսի քարերով լեցուած։
Որովայնը բանուած փղոսկր է՝
Շափիւղաներով ծածկուած։
15Սրունքները մարմարէ սիւներ են՝
Ընտիր ոսկի խարիսխներու վրայ հաստատուած։
Կերպարանքը՝ Լիբանանի պէս,
Եղեւիններուն պէս ընտիր է։
16Անոր քիմքը՝ քաղցր
Ու ինք ամբողջ ցանկալի է։
Ահա այսպէս է իմ սիրականս, այսպէս է իմ բարեկամս,
Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ։

Currently Selected:

ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ 5: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in