YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ 2

2
1Ես Սարօնին ծաղիկն եմ
Ու հովիտներուն շուշանը։
ՄԱՐԴԸ
2Ինչպէս շուշանը փուշերուն մէջ,
Այնպէս է իմ սիրուհիս աղջիկներուն մէջ։
ԿԻՆԸ
3Ինչպէս խնձորենին անտառի ծառերուն մէջ,
Այնպէս է իմ սիրականս երիտասարդներուն մէջ։
Անոր հովանիին տակ ախորժելով նստայ
Ու անոր պտուղը իմ քիմքիս քաղցր է։
4Զիս #2:4 Եբր., գինիինխնճոյքին տունը բերաւ։
Անոր դրօշը իմ վրաս սէր էր։
5Զիս կարկանդակներով զօրացուցէ՛ք,
Զիս խնձորներով ուժովցուցէ՛ք,
Վասն զի ես սիրով կը նուաղիմ։
6Անոր ձախ ձեռքը իմ գլխուս տակ ըլլայ
Ու աջ ձեռքը զիս գրկէ։
ՄԱՐԴԸ
7Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ,
Ձեզ այծեամներով կամ դաշտի եղնիկներով կ’երդմնցնեմ,
Որ սիրուհիս չվերցնէք ու չարթնցնէք,
Մինչեւ որ ինք ուզէ։
ԵՐԿՐՈՐԴ ԵՐԳ
ԿԻՆԸ
8Իմ սիրականիս ձայնն է։
Ահա անիկա լեռներուն վրայէն ցատկելով
Ու բլուրներուն վրայէն ցատկռտելով կու գայ։
9Իմ սիրականս այծեամի կամ եղնիկի ձագի կը նմանի։
Ահա հիմա մեր պատին ետեւը կայներ է,
Պատուհաններէն կը նայի,
Վանդակներէն կ’երեւնայ։
10Իմ սիրականս պատասխան տալով՝ ինծի ըսաւ.
ՄԱՐԴԸ
«Ելի՛ր, ո՛վ սիրուհիս, ո՛վ գեղեցիկս ու եկո՛ւր.
11Քանզի ահա ձմեռը անցաւ,
Անձրեւները անցան գացին։
12Գետնին վրայ ծաղիկներ կ’երեւնան,
Յօտելու ժամանակը հասաւ
Ու մեր երկրին վրայ տատրակին ձայնը կը լսուի։
13 Ահա թզենին իր թուզերը կը հասունցնէ
Ու որթատունկերը ծաղկեցան եւ իրենց հոտը կու տան։
Ելի՛ր, ո՛վ սիրուհիս, ո՛վ գեղեցիկս ու եկո՛ւր։
14Ո՛վ իմ աղաւնիս, վէմին խոռոչներուն մէջ,
Ապառաժին հովանիին տակ եկուր։
Երեսդ ցուցո՛ւր ինծի, թող ձայնդ լսեմ,
Քանզի ձայնդ քաղցր ու դէմքդ գեղեցիկ է։
15Բռնեցէ՛ք մեզի աղուէսները՝
Վասն զի մեր այգիները ծաղկեր են։
ԿԻՆԸ
16Իմ սիրականս իմս է ու ես անո՛րն եմ։
Անիկա իր հօտը շուշաններու մէջ կ’արածէ։
17Օրուան հովը չփչած ու ստուերները չհեռացած՝
Դարձի՛ր, ո՛վ իմ սիրականս
Ու Բեթերի լեռներուն վրայի այծեամին պէս
Կամ եղնիկներու ձագին պէս եղիր։

Currently Selected:

ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ 2: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in