ՍԱՂՄՈՍ 99
99
ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
1Տէրը կը թագաւորէ, ժողովուրդները թո՛ղ սարսափին։
Ինք քերովբէներուն վրայ կը նստի, երկիրը թո՛ղ շարժի։
2Տէրը մեծ է Սիօնի մէջ
Ու բարձրացած է բոլոր ժողովուրդներուն վրայ։
3Թող գովեն քու մեծ ու ահաւոր անունդ։
Անիկա սուրբ է։
4 # 99:4 Կամ, դո՛ւն, ո՛վ իրաւասէր զօրաւոր Թագաւոր Թագաւորին զօրութիւնը իրաւունքը կը սիրէ՝ ՝։
Ուղղութիւն հաստատեցիր,
Իրաւունք ու արդարութիւն ըրիր Յակոբին մէջ։
5Բարձրացուցէք Տէրը, մեր Աստուածը
Ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր ոտքերուն պատուանդանին։
Անիկա սուրբ է։
6Մովսէսն ու Ահարոնը անոր քահանաներուն մէջ
Եւ Սամուէլն անոր անունը կանչողներուն մէջ
Տէրոջը կ’աղաղակէին։
Անիկա պատասխան կու տար անոնց։
7Ամպի սիւնին մէջէն կը խօսէր անոնց հետ։
Անոնք կը պահէին անոր վկայութիւնները
Ու այն հրամանը, որ իրենց տուաւ։
8Ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը, դուն կը լսէիր անոնց.
Դո՛ւն, ո՛վ Աստուած, անոնց կը ներէիր,
Թէպէտ վրէժխնդիր եղար անոնց գործերուն։
9Բարձրացուցէ՛ք Տէրը, մեր Աստուածը
Ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր սուրբ լերանը վրայ.
Վասն զի Տէրը, մեր Աստուածը, սուրբ է։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 99: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.