YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 98

98
ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ԻՇԽԱՆԸ
1Նոր երգ երգեցէ՛ք Տէրոջը,
Վասն զի հրաշքներ ըրաւ,
Իր աջ ձեռքը ու սուրբ բազուկը
Իրեն #98:1 Կամ, յաղթութիւնփրկութիւն տուին։
2Տէրը ցուցուց իր փրկութիւնը,
Ազգերուն առջեւ յայտնեց իր արդարութիւնը։
3Յիշեց իր ողորմութիւնը ու իր հաւատարմութիւնը
Իսրայէլի տանը համար.
Երկրի բոլոր ծայրերը
Մեր Աստուծոյն փրկութիւնը տեսան։
4Ցնծացէ՛ք Տէրոջը առջեւ, ո՜վ բոլոր երկիր.
Ուրախութեան ձայնով աղաղակեցէ՛ք ու սաղմոս ըսէ՛ք։
5Սաղմոս երգեցէ՛ք Տէրոջը՝ քնարով,
Քնարով ու սաղմոսի ձայնով,
6Փողերով ու շեփորի ձայնով,
Աղաղակեցէ՛ք Տէր Թագաւորին առջեւ։
7Թո՛ղ գոռան ծովն ու անոր լիութիւնը,
Աշխարհ ու անոր բնակիչները։
8Գետերը թո՛ղ ծափ զարնեն
Ու լեռները մէկտեղ թո՛ղ ցնծան
9Տէրոջը առջեւ, վասն զի կու գայ երկիրը դատելու։
Անիկա պիտի դատէ աշխարհը արդարութիւնով
Ու ժողովուրդները՝ ուղղութիւնով։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 98: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in