ՍԱՂՄՈՍ 89
89
ԵՐԳ ՄԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԱՏԵՆ
Եթան Եզրահացիին երգը
1Տէրոջը ողորմութիւնները յաւիտեան պիտի երգեմ.
Քու հաւատարմութիւնդ իմ բերնովս ազգէ ազգ պիտի պատմեմ։
2Վասն զի ըսի թէ ողորմութիւնդ յաւիտեան պիտի հաստատուի.
Երկնքի մէջ պիտի հաստատես քու հաւատարմութիւնդ։
3«Ես իմ ընտրեալիս հետ ուխտ ըրի,
Իմ Դաւիթ ծառայիս երդում ըրի, ըսելով.
4‘Քու սերունդդ յաւիտեան պիտի հաստատեմ
Եւ ազգէ ազգ պիտի շինեմ քու աթոռդ’»։ (Սէլա։)
5Երկինքն ալ կը փառաւորէ քու հրաշքներդ, ո՛վ Տէր
Եւ քու հաւատարմութիւնդ՝ սուրբերուն ժողովին մէջ։
6Վասն զի ո՞վ կայ երկնքի մէջ Տէրոջը հաւասար
Ու #89:6 Կամ, աստուածներուհզօրներու որդիներուն մէջ ո՜վ կը նմանի Տէրոջը։
7Աստուած խիստ զարհուրելի է սուրբերուն ժողովին մէջ
Եւ ահաւոր է շուրջը եղողներուն վրայ։
8Ո՛վ Տէր, զօրքերու Աստուած, ո՞վ է քեզի պէս հզօր Տէր
Եւ քու հաւատարմութիւնդ քու բոլորտիքդ է։
9Դուն կը տիրես ծովուն հպարտութեանը վրայ,
Երբ անոր ալիքները բարձրանան, դուն կը հանդարտեցնես զանոնք։
10Դուն ճնշեցիր Ռահաբը խոցուածի պէս,
Քու զօրութեանդ բազուկովը ցրուեցիր քու թշնամիներդ։
11Քուկդ է երկինքը եւ քուկդ է երկիրը։
Դո՛ւն հիմնեցիր աշխարհը ու անոր լիութիւնը։
12Հիւսիսը ու հարաւը դո՛ւն ստեղծեցիր.
Թաբորն ու Հերմոնը քու անունովդ կը ցնծան։
13Դուն զօրաւոր բազուկ ունիս.
Քու ձեռքդ ուժով է, քու աջ ձեռքդ բարձրացած է։
14Արդարութիւնը ու իրաւունքը քու աթոռիդ հիմն են,
Ողորմութիւնը ու ճշմարտութիւնը քու երեսիդ առջեւէն կ’երթան։
15Երանի այն ժողովուրդին որ կը ճանչնայ #89:15 Կամ, ցնծութեանազդարարութեան փողերուն՝ ՝ ձայնը.
Ո՛վ Տէր, անոնք քու երեսիդ լոյսովը պիտի քալեն։
16Քու անունովդ ամէն օր պիտի ցնծան
Ու քու արդարութիւնովդ պիտի բարձրանան։
17Վասն զի դուն ես անոնց զօրութեանը փառքը
Եւ քու հաճութիւնովդ պիտի բարձրանայ մեր եղջիւրը։
18Վասն զի մեր վահանը Տէրոջն է
Ու մեր թագաւորը Իսրայէլի Սուրբն է։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ԴԱՒԻԹԻՆ
19Այն ժամանակ տեսիլքով խօսեցար քու սուրբիդ հետ
Ու ըսիր. «Օգնութիւն դրի զօրաւորին վրայ,
Ժողովուրդէն ընտրուածը բարձրացուցի։
20Իմ ծառաս Դաւիթը գտայ,
Իմ սուրբ իւղովս օծեցի զանիկա.
21Անոր հետ իմ ձեռքս պիտի հաստատուի
Ու իմ բազուկս պիտի զօրացնէ զանիկա։
22Թշնամին պիտի չհարստահարէ զանիկա
Ու անօրէնութեան որդին պիտի չչարչարէ զանիկա։
23Անոր թշնամիները իր առջեւէն պիտի կոտրեմ
Ու զանիկա ատողները պիտի զարնեմ։
24Իմ հաւատարմութիւնս ու ողորմութիւնս անոր հետ պիտի ըլլան
Ու անոր եղջիւրը իմ անունովս պիտի բարձրանայ։
25Անոր ձեռքը ծովուն մէջ պիտի դնեմ
Ու անոր աջ ձեռքը՝ գետերուն մէջ։
26Անիկա ինծի պիտի կանչէ՝ ‘Դուն ես իմ Հայրս,
Իմ Աստուածս ու իմ փրկութեանս Վէմը’։
27Ես զանիկա անդրանիկ պիտի ընեմ՝
Երկրի թագաւորներէն աւելի բարձր։
28Իմ ողորմութիւնս յաւիտեան պիտի պահեմ անոր համար
Ու իմ ուխտս անոր հետ հաւատարիմ պիտի ըլլայ։
29Անոր սերունդը յաւիտեան պիտի հաստատեմ
Ու անոր աթոռը երկնքի օրերուն չափ պիտի ընեմ։
30Եթէ անոր որդիները իմ օրէնքս թողուն
Ու իմ իրաւունքներովս չքալեն,
31Եթէ իմ կանոններս անարգեն
Ու իմ պատուիրանքներս չպահեն,
32Ես ալ գաւազանով պիտի պատժեմ անոնց յանցանքը
Ու հարուածներով՝ անոնց անօրէնութիւնը։
33Բայց իմ ողորմութիւնս պիտի չկտրեմ անկէ
Ու իմ հաւատարմութիւնս սուտ պիտի չհանեմ։
34Իմ ուխտս պիտի չանարգեմ
Ու շրթունքներէս ելածը պիտի չփոխեմ։
35Անգամ մը երդում ըրի իմ սրբութիւնովս,
Որ սուտ պիտի չըսեմ Դաւիթին.
36Անոր սերունդը յաւիտեան պիտի մնայ
Ու անոր աթոռը իմ առջեւս արեգակին չափ.
37Լուսնին պէս յաւիտեան պիտի հաստատուի
Ու երկնքի մէջ հաւատարիմ վկայի պէս»։ (Սէլա։)
ՈՂԲ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ
38Բայց դուն երեսէ ձգեցիր ու անարգեցիր.
Քու օծեալիդ բարկացար,
39Քու ծառայիդ հետ ըրած ուխտդ մերժեցիր,
Անոր թագը գետնին հաւասար ըրիր,
40Անոր բոլոր պարիսպները փլցուցիր,
Անոր բերդերը աւերակ ըրիր։
41Բոլոր ճամբայէն անցնողները կողոպտեցին զանիկա,
Նախատինք եղաւ իր դրացիներուն։
42Զինք նեղողներուն աջ ձեռքը բարձրացուցիր,
Անոր բոլոր թշնամիները ուրախացուցիր։
43Անոր սուրին բերանը դարձուցիր
Ու զինք պատերազմի մէջ չկայնեցուցիր։
44Անոր փառքը դադրեցուցիր
Ու անոր աթոռը գետինը զարկիր։
45Անոր երիտասարդութեան օրերը կարճցուցիր,
Զանիկա ամօթով ծածկեցիր։ (Սէլա։)
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
46Մինչեւ ե՞րբ, ո՛վ Տէր,
Քու անձդ միշտ պիտի պահե՞ս
Եւ քու սրտմտութիւնդ կրակի պէս պիտի բորբոքի՞։
47Յիշէ՛ իմ կեանքիս երկարութիւնը.
Միթէ ունայնութեան համա՞ր ստեղծեցիր մարդոց բոլոր որդիները։
48Ո՞վ է այն մարդը, որ կրնայ ապրիլ ու երբեք մահ չտեսնել
Եւ իր անձը դժոխքին ձեռքէն կրնայ փրկել։ (Սէլա։)
49Ո՛վ Տէր, ո՞ւր են քու առաջուան ողորմութիւններդ,
Որոնք երդում ըրիր Դաւիթին քու հաւատարմութիւնովդ։
50Ո՛վ Տէր, յիշէ՛ քու ծառաներուդ նախատինքը,
Որ իմ ծոցիս մէջ կը կրեմ բոլոր մեծ ազգերէն.
51Որ քու թշնամիներդ անարգեցին, ո՛վ Տէր,
Որ քու օծեալիդ քայլերը անարգեցին։
52Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը յաւիտեան։ Ամէն ու ամէն։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 89: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.