ՍԱՂՄՈՍ 81
81
ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹՔ ՄԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Ասափին Սաղմոսը
1Ցնծացէ՛ք Աստուծոյ առջեւ, որ մեր զօրութիւնն է,
Ուրախութեա՛մբ աղաղակեցէք Յակոբին Աստուծոյն։
2Սաղմոս ըսէ՛ք ու թմբուկ զարկէ՛ք
Նաեւ անոյշ քնարը՝ տաւիղին հետ։
3Փո՛ղ հնչեցուցէք ամսագլխուն,
# 81:3 Կամ, Որոշուած ժամանակին Նաեւ լուսնի լրման ատենը՝ ՝, մեր տօնին օրը։
4Վասն զի ասիկա Իսրայէլի կանոնն է,
Յակոբին Աստուծոյն հրամանն է։
5Ինք վկայութիւն դրաւ ասիկա Յովսէփին մէջ,
Եգիպտոսի երկրին վրայ յարձակած ատեն,
Ուր լեզու մը լսեց, որ չէր գիտեր.
6«Քու թիկունքդ հեռացուցի բեռէն.
Քու ձեռքերդ հանգչեցան կողովէն։
7Նեղութեան մէջ կանչեցիր ու քեզ փրկեցի։
Պատասխան տուի քեզի որոտման մէջ գաղտնի տեղերէս։
Փորձեցի քեզ Մերիպայի ջուրին քով։ (Սէլա։)
8Լսէ՛, ո՛վ իմ ժողովուրդս ու վկայեմ քեզի.
Ո՛վ Իսրայէլ, ինծի մտիկ ըրէ՛,
9Օտար Աստուած թող չըլլայ քու մէջդ
Ու օտար Աստուծոյ երկրպագութիւն մի՛ ըներ։
10Ես եմ քու Տէր Աստուածդ,
Որ հանեցի քեզ Եգիպտոսի երկրէն։
Լայն բաց քու բերանդ
Ու զանիկա ես պիտի լեցնեմ։
11Բայց իմ ժողովուրդս մտիկ չըրաւ իմ ձայնիս
Ու Իսրայէլ զիս չուզեց։
12Ուստի զանոնք իրենց սրտին կամակորութեանը թողուցի,
Որպէս զի իրենց խորհուրդներուն համեմատ քալեն։
13Երանի՜ թէ իմ ժողովուրդս ինծի մտիկ ընէր
Ու Իսրայէլ իմ ճամբաներուս մէջ քալէր։
14Շուտով պիտի խոնարհեցնէի անոնց թշնամիները
Ու ձեռքս պիտի դարձնէի անոնց նեղիչներուն դէմ։
15Տէրը ատողները խոնարհութիւն պիտի ընէին իրեն
Ու անոնց ժամանակը յաւիտեան պիտի ըլլար։
16Ան պիտի կերակրէր ձեզ պարարտ ցորենով
Ու վէմէն վազած մեղրով ձեզ պիտի կշտացնէր»։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 81: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.