ՍԱՂՄՈՍ 80
80
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԱԶԳԻՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՀԱՄԱՐ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Ասափին Սաղմոսը
1Ականջ դի՛ր, ո՛վ Իսրայէլին Հովիւը,
Որ Յովսէփին հօտի պէս կ’առաջնորդես։
Դո՛ւն, որ քերովբէներու վրայ կը նստիս, պայծառացի՛ր։
2Եփրեմին ու Բենիամինին եւ Մանասէին առջեւ
Արթնցո՛ւր քու զօրութիւնդ
Ու եկո՛ւր մեզ փրկէ։
3Ո՛վ Աստուած, մեզի՛ դարձիր
Եւ քու երեսդ փայլեցուր ու պիտի փրկուինք։
4Ո՛վ Տէր, զօրա՛ց Աստուած,
Մինչեւ ե՞րբ պիտի բարկանաս քու ժողովուրդիդ աղօթքին։
5Արտասուքի հաց կը կերցնես անոնց
Ու մեծ չափով արտասուք կը խմցնես անոնց։
6Մեզ նախատինքի առարկայ կ’ընես մեր դրացիներուն
Ու մեր թշնամիներուն մէջ ծաղրանքի առարկայ։
7Ո՛վ զօրաց Աստուած, մեզի՛ դարձիր
Եւ քու երեսդ փայլեցո՛ւր ու պիտի փրկուինք։
8Եգիպտոսէն որթատունկ մը փոխադրեցիր,
Հեթանոսները վռնտեցիր ու զանիկա տնկեցիր։
9Անոր առջեւէն տե՛ղ պատրաստեցիր,
Անոր արմատները հաստատեցիր
Եւ անիկա երկիրը լեցուց։
10Լեռները ծածկուեցան անոր հովանիովը
Ու անոր ճիւղերը Աստուծոյ եղեւիններուն պէս եղան։
11Իր ճիւղերը երկնցուց մինչեւ ծովը
Ու իր բարունակները՝ մինչեւ Գետը։
12Ինչո՞ւ փլցուցիր անոր ցանկերը,
Որ ճամբայէն բոլոր անցնողները անոր պտուղը քաղեն։
13Անտառին խոզը ապականեց զանիկա
Ու դաշտի գազանները կերան զանիկա։
14Ո՛վ զօրաց Աստուած, կ’աղաչե՛մ, դարձի՛ր.
Նայէ՛ երկնքէն ու տե՛ս
Ու այցելէ՛ այս որթատունկին,
15Որ քու աջ ձեռքովդ տնկեցիր
Ու արմատը՝ որ քեզի համար զօրացուցիր։
16Թող անոնք կրակով այրուին ու կտրուին,
Քու սաստէդ թող կորնչին։
17Թող քու ձեռքդ մարդուն վրայ ըլլայ
Ու քու աջ ձեռքդ մարդու որդիին վրայ, որ քեզի համար զօրացուցիր։
18Մենք այլեւս պիտի չդառնանք քեզմէ.
Կենդանացո՛ւր մեզ ու քու անունդ պիտի կանչենք։
19Ո՛վ Տէր, զօրա՛ց Աստուած, մեզի՛ դարձիր
Եւ քու երեսդ փայլեցո՛ւր ու պիտի փրկուինք։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 80: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.