YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 76

76
ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ՅԱՂԹԱԿԱՆԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Ասափին Սաղմոսն ու երգը
1Աստուած Յուդայի մէջ ճանչցուած է.
Անոր անունը Իսրայէլի մէջ մեծ է։
2Անոր խորանը Սաղէմի մէջ է
Եւ անոր բնակարանը՝ Սիօնի մէջ։
3Տէրը հոն ջարդեց աղեղին նետերը,
Վահանը, սուրը եւ պատերազմի զէնքերը։ (Սէլա։)
4Դուն փառաւոր ես,
Յաւիտենական լեռներէն աւելի գերազանց ես։
5Սրտով զօրաւորները յափշտակուեցան,
Քունի մէջ թաղուեցան,
Բոլոր զօրեղ մարդիկը ձեռքերնին չկրցան գործածել։
6Ո՛վ Յակոբին Աստուածը, քու յանդիմանութեանդ պատճառով
Կառքն ու ձին անզգայ պառկեցան։
7Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, դուն ահաւոր ես
Եւ ո՞վ կրնայ կայնիլ քու առջեւդ քու բարկութեանդ ատենը։
8Դուն երկնքէն կատարեցիր դատաստանը։
Երկիրը վախցաւ ու լռեց,
9Աստուած դատաստան ընելու ելաւ,
Որպէս զի երկրին բոլոր #76:9 Կամ, խեղճերըհեզերը փրկէ։ (Սէլա։)
10Իրաւցընէ մարդուն բարկութիւնը քեզ պիտի գովէ
Ու մնացած բարկութիւնը դուն պիտի զսպես։
11Ուխտ ըրէք ձեր Տէր Աստուծոյն ու կատարեցէք.
Անոր բոլորտիքը եղողները
Թող ընծաներ բերեն Ահաւորին։
12Ինք իշխաններուն հոգին պիտի կտրէ,
Ինք ահաւոր է երկրի թագաւորներուն։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 76: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ՍԱՂՄՈՍ 76