YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 75

75
ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԴԱՏԱՒՈՐԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Ասափին Սաղմոսն ու երգը
1Կը գովենք քեզ, ո՛վ Աստուած,
Կը գովենք քեզ եւ քու անունդ կը կանչենք,
Քու հրաշքներդ կը պատմենք։
2Երբ որոշուած ժամանակը գայ,
Ուղիղ դատաստան պիտի տեսնեմ։
3Երկիրն ու անոր բոլոր բնակիչները մաշեցան.
Անոր սիւները ես հաստատեցի։ (Սէլա։)
4Ըսի հպարտներուն. «Մի՛ հպարատանաք»
Ու ամբարիշտներուն՝ «Եղջիւր մի՛ վերցնէք։
5Ձեր եղջիւրները վեր մի՛ վերցնէք։
Ամբարտաւան պարանոցով մի՛ խօսիք»։
6Վասն զի բարձրանալը ո՛չ արեւելքէն է
Եւ ո՛չ արեւմուտքէն, ո՛չ ալ անապատէն,
7Հապա դատաւորը Աստուած է։
Մէկը կը ցածցնէ ու միւսը կը բարձրացնէ։
8Վասն զի Տէրոջը ձեռքը բաժակ կայ ու գինին կարմիր է։
Անիկա լաւ խառնուած է ու անկէ կը թափէ
Եւ երկրին բոլոր ամբարիշտները
Անոր մրուրները քամելով պիտի խմեն։
9Բայց ես յաւիտեան պիտի գովեմ,
Յակոբին Աստուծոյն սաղմոս պիտի երգեմ։
10Ամբարիշտներուն բոլոր եղջիւրները պիտի փշրուին,
Արդարին եղջիւրները պիտի բարձրանան։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 75: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in