ՍԱՂՄՈՍ 74
74
ԱԶԳԻՆ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹՔ ՄԸ
Երգ Ասափի
1Ո՛վ Աստուած, ինչո՞ւ մեզ բոլորովին մերժեցիր
Ու բարկութիւնդ կը մխայ քու արօտիդ ոչխարներուն վրայ։
2Յիշէ՛ քու ժողովուրդդ որ սկիզբէն ստացար,
Քու ժառանգութեանդ վիճակը որ փրկեցիր
Ու Սիօն լեռը, ուր բնակեցար։
3Բարձրացուր քու քայլերդ դէպի բոլորովին աւերուածները,
Դէպի սուրբ տեղը թշնամիին ըրած բոլոր գէշ գործերը։
4Քու թշնամիներդ կը պոռան քու տաճարիդ մէջ։
Իրենց նշանները նշանի տեղ կը դնեն։
5Անիկա անտառի ծառերուն վրայ
Կացիններ վերցնողի մը պէս ճանչցուեցաւ
6Ու հիմա անոր քանդակած զարդերը,
Ամէնքը մէկէն, կացիններով ու մուրճերով կը կոտրտեն։
7Կրակով այրեցին քու սրբարանդ։
Մինչեւ գետինը կործանեցին քու անուանդ բնակարանը։
8Իրենց սրտերուն մէջ ըսին. «Կորսնցնենք ասոնք ամէնքը»։
Երկրին մէջ Աստուծոյ բոլոր ժողովարանները այրեցին։
9Մեր նշանները չենք տեսներ։
Ալ մարգարէ չկայ։
Մեր քով մէկը չկայ,
Որ գիտնայ թէ ասիկա մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւէ։
10Ո՛վ Աստուած, մինչեւ ե՞րբ նեղիչը պիտի նախատէ։
Թշնամին մինչեւ յաւիտեան քու անունդ պիտի անարգէ՞։
11Ինչո՞ւ ետ կը քաշես քու ձեռքդ ու քու աջ ձեռքդ։
Զանիկա ծոցէդ հանէ ու կորսնցուր զանոնք։
12Բայց սկիզբէն իմ թագաւորս Աստուած է,
Որ փրկութիւն կ’ընէ երկրի մէջ։
13Դուն քու զօրութիւնովդ ծովը պատռեցիր,
Վիշապներուն գլուխները ջուրերուն մէջ փշրեցիր։
14Դուն ջարդեցիր Լեւիաթանին գլուխները.
Զանիկա կերակուր ըլլալու տուիր անապատին մէջի ժողովուրդին։
15Դուն ճեղքեցիր աղբիւրը ու վտակը,
Դուն չորցուցիր մշտնջենաւոր գետերը։
16Քուկդ է ցորեկը եւ քուկդ է գիշերը։
Լոյսը ու արեւը դուն պատրաստեցիր։
17Դուն հաստատեցիր երկրին սահմանները։
Ամառը ու ձմեռը դուն ստեղծեցիր։
18Յիշէ թէ թշնամին նախատեց Տէրը
Ու յիմար ժողովուրդը քու անունդ անարգեց։
19Գազանին մի՛ մատներ քու տատրակիդ անձը.
Մի՛ մոռնար յաւիտեան քու աղքատներուդ #74:19 Կամ, ժողովըկեանքը։
20Նայէ՛ քու ուխտիդ, վասն զի երկրին խաւար տեղերը
Բռնութեան բնակարաններով լեցուած են։
21Թո՛ղ խեղճը ետ չդառնայ ամօթով.
Թո՛ղ աղքատը ու տնանկը օրհնե՛ն քու անունդ։
22Ելի՛ր, ո՛վ Աստուած, քու դատդ պաշտպանէ.
Յիշէ՛ այն նախատինքը՝ որ անզգամը ամէն օր քեզի կ’ընէ։
23Մի՛ մոռնար քու թշնամիներուդ ձայնը.
Քեզի դէմ ոտքի ելնողներուն խռովութիւնը ամէն ժամանակ կը բարձրանայ։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 74: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.