ՍԱՂՄՈՍ 71
71
ԾԵՐՈՒՆԻԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ
1Ո՛վ Տէր, քեզի յուսացի.
Թող չամչնամ յաւիտեան։
2Քու արդարութիւնովդ զիս ապրեցո՛ւր ու ազատէ՛ զիս։
Ականջդ ծռէ՛ ինծի ու փրկէ՛ զիս։
3Ինծի ապաւինութեան վէ՛մ եղիր
Եւ ամուր բերդ մը՝ զիս փրկելու,
Քանզի դուն ես իմ վէմս ու ամրոցս։
4Ո՛վ իմ Աստուածս, ամբարշտին ձեռքէն,
Անօրէնին ու բռնաւորին ձեռքէն զիս փրկէ՛։
5Վասն զի իմ վստահութիւնս դուն ես, ո՛վ Տէր Եհովա.
Մանկութենէս ի վեր դուն ես իմ յոյսս,
6Ես քու վրադ հաստատուեցայ արգանդէն,
Մօրս որովայնէն իմ պաշտպանս դուն ես.
Իմ գովութեանս առարկան դո՛ւն ես։
7Զարմանալի բանի մը պէս եղայ շատերուն,
Բայց իմ զօրաւոր ապաւէնս դուն ես։
8Բերանս քու գովաբանութիւնովդ լեցուն է.
Ամէն օր՝ քու փառաբանութիւնովդ։
9Ծերութեան ատեն զիս մի՛ ձգեր.
Ոյժիս պակսած ատենը զիս մի՛ թողուր։
10Վասն զի թշնամիներս ինծի համար կը խօսին
Ու իմ անձս պաշարողները մէկտեղ խորհուրդ կ’ընեն,
11Ըսելով. «Աստուած թողուց զանիկա.
Հալածեցէ՛ք ու բռնեցէ՛ք զանիկա,
Վասն զի ալ ազատող չկայ»։
12Ո՛վ Աստուած, ինծմէ մի՛ հեռանար։
Ո՛վ իմ Աստուածս, ինծի օգնելու արտորցի՛ր։
13Թող ամչնան ու կորսուին իմ անձիս հակառակորդները,
Նախատինքով ու ամօթով թող ծածկուին ինծի չարութիւն ուզողները։
14Բայց ես ամէն ատեն պիտի յուսամ
Եւ քու գովաբանութիւններդ պիտի աւելցնեմ։
15Բերանս պիտի պատմէ քու արդարութիւնդ,
Ամէն օր՝ քու փրկութիւնդ,
Վասն զի ես անոնց համրանքը չեմ գիտեր։
16Պիտի քալեմ Տէր Եհովային զօրութիւնովը։
Քու արդարութիւնդ, միայն քուկդ պիտի յիշեմ։
17Ո՛վ Աստուած, մանկութենէս ի վեր սորվեցուցիր ինծի.
Մինչեւ հիմա քու հրաշալի գործերդ պատմեցի։
18Ու հիմա մինչեւ ծերութեան ու ալեւորութեան ատենս
Զիս մի՛ ձգեր, ո՛վ Աստուած.
Որպէս զի պատմեմ քու #71:18 Եբր., բազուկդկարողութիւնդ գալու ազգին
Եւ քու զօրութիւնդ՝ այն ամենուն, որոնք պիտի գան։
19Քու արդարութիւնդ ալ շատ բարձր է, ո՛վ Աստուած.
Որ մեծամեծ բաներ ըրիր.
Քեզի պէս ո՞վ կայ, ո՛վ Աստուած։
20Դուն որ շատ ու ծանր նեղութիւններ ցուցուցիր ինծի,
Նորէն զիս պիտի կենդանացնես
Ու երկրին անդունդներէն նորէն զիս պիտի հանես։
21Իմ պատիւս պիտի շատցնես
Ու զիս պիտի մխիթարես։
22Ուստի ես ալ պիտի գովեմ քեզ տաւիղով
Քու ճշմարտութեանդ համար, ո՛վ իմ Աստուածս։
Սաղմոս պիտի երգեմ քեզի քնարով,
Ո՛վ Իսրայէլի Սուրբը։
23Քեզի սաղմոս երգած ատենս իմ շրթունքներս պիտի ցնծան
Ու իմ հոգիս՝ որ դուն փրկեցիր։
24Իմ լեզուս ամէն օր քու արդարութեանդ մասին պիտի խօսի,
Վասն զի ինծի չարիք ուզողները ամչցան ու խայտառակ եղան։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 71: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.