YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 70

70
ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՄԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը յիշատակի համար
1Ո՛վ Աստուած, զիս փրկելու կամք ըրէ.
Ո՛վ Տէր, ինծի օգնելու արտորցիր։
2Թող ամչնան ու խայտառակ ըլլան
Իմ անձս փնտռողները։
Ետ դառնան ու ամօթով ըլլան
Ինծի չարիք ուզողները։
3Թող #70:3 Կամ, իրենց ամօթին պատճառովամչնալով ետ դառնան
Անոնք որ ինծի «Վա՛շ, վա՛շ» կ’ըսեն։
4Ամէն քեզ փնտռող
Քեզմով թող ցնծայ եւ ուրախանայ
Եւ քու փրկութիւնդ սիրողները
Ամէն ժամանակ թող ըսեն. «Աստուած թո՛ղ մեծնայ»։
5Բայց ես աղքատ ու տնանկ եմ,
Ո՛վ Աստուած, շուտով հասի՛ր ինծի։
Իմ օգնականս ու փրկիչս դուն ես,
Ո՛վ Տէր, մի՛ ուշանար։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 70: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in