ՍԱՂՄՈՍ 65
65
ԳՈՎԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսն ու երգը
1Քեզի կը վայլէ օրհնութիւնը, ո՛վ Աստուած, Սիօնի մէջ։
Ու քեզի ըրած ուխտերը պիտի կատարենք։
2Ո՛վ աղօթքի լսող,
Քեզի պիտի գայ ամէն մարմին։
3 # 65:3 Կամ, Անօրէնութեան խօսքերը Անօրէնութիւնները իմ վրաս ճնշեցին։
Մեր մեղքերը դուն պիտի քաւես։
4Երանի՜ անոր որ կ’ընտրես ու քեզի կը մօտեցնես,
Որպէս զի բնակի քու սրահներուդ մէջ.
Պիտի լցուինք քու տանդ եւ
Քու սուրբ տաճարիդ բարութեամբ։
5Սքանչելի բաներով, արդարութիւնով պիտի պատասխանես մեզի,
Ո՛վ մեր փրկութեան Աստուածը,
Որ երկրի բոլոր ծայրերուն ու ծովերէն հեռու եղողներուն յոյսն ես,
6Որ քու զօրութիւնովդ լեռները հաստատեցիր,
Կարողութիւնով գօտեպնդուեցար,
7Որ կը ցածցնես ծովուն ձայնը,
Անոր ալիքներուն ձայնը
Ու ազգերուն խռովութիւնը։
8 Երկրի ծայրերը բնակողները պիտի վախնան քու նշաններէդ.
Առտուան ու իրիկուան ելքը դուն կ’ուրախացնես։
9Երկրին այցելութիւն կ’ընես ու զանիկա կը ջրես,
Շատ կը հարստացնես զանիկա.
Աստուծոյ գետը ջրով լեցուն է։
Անոնց ցորեն կը պատրաստես,
Վասն զի այսպէս պատրաստեցիր զանիկա։
10Անոր ակօսները կը խմցնես
Ու անոր փոսերը կը շտկես,
Անձրեւներով կը կակուղցնես զանիկա։
Կ’օրհնես անոր բոյսը։
11Կը պսակես տարին քու բարութիւնովդ
Ու քու շաւիղներդ պարարտութիւն կը կաթեցնեն,
12Անապատի արօտներուն վրայ կը կաթեցնեն
Ու բլուրները ուրախութիւնով պատած են։
13Արօտները հօտերով ծածկուած են
Ու հովիտները ՝ ցորենով։
Անոնք ցնծութեամբ կ’աղաղակեն ու կ’երգեն։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 65: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.