ՍԱՂՄՈՍ 63
63
ՓԱՓԱՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՄԱՐ
Սաղմոս Դաւիթի, երբ ինք Յուդայի անապատին մէջ էր
1Ո՛վ Աստուած, դո՛ւն ես իմ Աստուածս,
Ես առտուն քեզ կը փնտռեմ.
Հոգիս կը ծարաւի քեզի ու մարմինս քեզի կը փափաքի
Չոր ու ծարաւ տեղը, ուր ջուր չկայ։
2Քու զօրութիւնդ ու փառքդ տեսնելու համար
Ինչպէս քեզ տեսած եմ սրբարանին մէջ։
3Որովհետեւ քու ողորմութիւնդ կեանքէն աղէկ է։
Իմ շրթունքներս քեզ պիտի գովեն։
4Այսպէս պիտի օրհնեմ քեզ իմ կեանքիս ընթացքին,
Քու անունովդ ձեռքերս վեր պիտի վերցնեմ։
5Իբր թէ ճարպով ու պարարտութիւնով պիտի կշտանայ իմ անձս
Ու ցնծութեան շրթունքներով պիտի գովէ քեզ իմ բերանս։
6Անկողնիս վրայ քեզ կը յիշեմ,
Գիշերուան պահերուն մէջ քու վրայովդ կը մտածեմ.
7Վասն զի ինծի օգնական եղար
Ու քու թեւերուդ հովանաւորութեանը տակ պիտի ցնծամ։
8Իմ անձս քեզի կը յարի,
Քու աջ ձեռքդ զիս կը պահէ.
9Բայց անոնք որ անձս կը փնտռեն զանիկա կորսնցնելու համար,
Գետնին խորունկ տեղերը պիտի մտնեն,
10Սուրի պիտի մատնուին,
# 63:10 Կամ, Չագալներու Աղուէսներու բաժին պիտի ըլլան։
11Բայց թագաւորը Աստուծմով պիտի ուրախանայ,
Բոլոր անով երդում ընողները պիտի պարծենան,
Իսկ ստախօսներուն բերանը պիտի պապանձի։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 63: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.