YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 57

57
ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը. Սաւուղի երեսէն փախած ատեն
1Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Աստուած, ողորմէ՛ ինծի,
Վասն զի իմ անձս քեզի կը յուսայ։
Քու թեւերուդ հովանաւորութեանը պիտի ապաւինիմ,
Մինչեւ որ թշուառութիւնները անցնին։
2Բարձրեալ Աստուծոյն պիտի աղաղակեմ,
Իմ բարերար Աստուծոյս։
3Երկնքէն պիտի ղրկէ ու փրկէ՛ զիս
Ու զիս կլլել ուզողները պիտի նախատէ. (Սէլա.)
Աստուած պիտի ղրկէ իր ողորմութիւնը ու ճշմարտութիւնը։
4Իմ անձս առիւծներու մէջ է.
Բոց փչող մարդոց որդիներուն մէջ կը պառկիմ,
Որոնց ակռաները նիզակներ ու նետեր են
Եւ անոնց լեզուները սրած թուրեր են։
5Ո՛վ Աստուած, երկնքի վրայ բարձրացիր.
Քու փառքդ բոլոր երկրի վրայ թող ըլլայ։
6Իմ քայլերուս որոգայթ պատրաստեցին,
Անձս խոնարհեցաւ,
Փոս փորեցին առջեւս,
Բայց իրենք ինկան անոր մէջ։ (Սէլա։)
7Սիրտս պատրաստ է, ո՛վ Աստուած, սիրտս պատրաստ է.
Պիտի երգեմ ու սաղմոս պիտի ըսեմ։
8Արթնցի՛ր, ո՛վ իմ փառքս.
Արթնցէ՛ք, ո՛վ տաւիղ ու քնար.
Ես կանուխ պիտի արթննամ։
9Ո՛վ Տէր, ժողովուրդներուն մէջ քեզ պիտի գովեմ եւ
Սաղմոս պիտի երգեմ քեզի ազգերուն մէջ.
10Վասն զի մեծ է քու ողորմութիւնդ մինչեւ երկինք
Ու քու ճշմարտութիւնդ մինչեւ ամպերը։
11Երկնքի վրայ բարձրացիր, ո՛վ Աստուած,
Քու փառքդ բոլոր երկրի վրայ թող ըլլայ։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 57: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in