YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 56

56
ԱՂՕԹՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը, երբ Փղշտացիք բռնեցին զանիկա
1Ո՛վ Աստուած, ողորմէ՛ ինծի,
Վասն զի մարդը կ’ուզէ զիս կլլել.
Ամէն օր պատերազմ ընելով զիս կը նեղէ։
2Թշնամիներս ամէն օր կ’ուզեն զիս կլլել,
Վասն զի շատ մարդիկ #56:2 Կամ, բարձրէն եւ կամ, ո՛վ Բարձրեալամբարտաւանութիւնով ինծի հետ կը մարտնչին։
3Երբ վախնամ քեզի պիտի յուսամ։
4Աստուծմով պիտի գովեմ իր խօսքը.
Աստուծոյ կը յուսամ, պիտի չվախնամ.
Մարմինը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել։
5Ամէն օր իմ #56:5 Կամ, խօսքերս կը ծռենբաներուս վնաս կու տան՝ ՝,
Իմ վրայովս անոնց բոլոր խորհուրդները չարիքի համար են։
6Կը հաւաքուին ու կը պահուին,
Իմ շաւիղներս կը դիտեն,
Վասն զի իմ անձիս կը սպասեն։
7Միթէ անօրէնութիւնով անոնց փրկութիւն կ’ըլլա՞յ.
Բարկութիւնով ժողովուրդները վար ձգէ՛, ո՛վ Աստուած։
8Իմ թափառական պտըտիլս համրեցիր,
Արցունքներս քու տիկիդ մէջ դի՛ր։
Միթէ անոնք քու գրքիդ մէջ գրուած չե՞ն։
9Երբ քեզի կանչեմ, ետ պիտի դառնան իմ թշնամիներս.
Գիտեմ թէ Աստուած ինծի հետ է։
10Աստուծմով պիտի գովեմ իր խօսքը,
Տէրոջմով պիտի գովեմ իր խօսքը։
11Աստուծոյ կը յուսամ, պիտի չվախնամ.
Մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել։
12Ո՛վ Աստուած, քեզի հետ ունեցած ուխտս պիտի կատարեմ։
Քեզի շնորհակալութեան զոհ պիտի մատուցանեմ,
13Որովհետեւ իմ անձս մահուանէ ազատեցիր։
Ոտքերս ալ անկումէ չե՞ս ազատեր,
Որպէս զի Աստուծոյ առջեւ քալեմ կեանքի լոյսին մէջ։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 56: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in