ՍԱՂՄՈՍ 46
46
ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶԻ ՀԵՏ Է
Կորխի որդիներուն երգը
1Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է.
Նեղութիւններու մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու։
2Անոր համար պիտի չվախնանք, թէեւ երկիրը փոխուի
Ու լեռները ծովուն մէջտեղը ձգուին,
3 Թէեւ անոր ջուրերը գոռան ու պղտորին,
Լեռները դողան անոր ուռենալովը։ (Սէլա։)
4Գետին վտակները պիտի ուրախացնեն Աստուծոյ քաղաքը,
Բարձրելոյն սուրբ բնակարանները։
5Աստուած անոր մէջ է, անիկա պիտի չսասանի.
Աստուած անոր պիտի օգնէ առտուն կանուխ։
6Հեթանոսները կը խռովին, թագաւորութիւնները կը շարժին.
Բարձրեալը իր ձայնը կու տայ, երկիր կը հալի։
7Զօրաց Տէրը մեզի հետ է.
Յակոբին Աստուածը մեր ապաւէնն է։ (Սէլա։)
8Եկէ՛ք ու տեսէ՛ք Տէրոջը գործերը,
Որ աւերումներ ըրաւ երկրի մէջ։
9Պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը.
Աղեղը կը կոտրտէ ու նիզակը կը ջարդէ, կառքերը կրակով կ’այրէ։
10Հանդարտ կեցէ՛ք ու գիտցէ՛ք թէ՝ ես եմ Աստուած.
Հեթանոսներուն մէջ պիտի բարձրանամ, երկրի վրայ պիտի բարձրանամ։
11Զօրաց Տէրը մեզի հետ է,
Յակոբին Աստուածը մեզի ապաւէն է։ (Սէլա։)
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 46: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.